Նոր Ժամանակներու Մէջ. Շեմփանզէները Եւ Մարդիկը «Ի Ծնէ Ոճրագործ Են»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985CHIMPԵՐԿՈՒՔԸ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԳԷԹ ՄԷԿ ԵԶՐ ՈՒՆԻՆ. ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱԽՏԱԳԻՆ ՀԱԿՈՒՄԸ` ԴԷՊԻ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ:

Նորագոյն ապացոյցները մտածել կու տան, թէ մարդուն ամէնէն մօտ անասունը ախտագին նոյն հակամէտութիւնը ունի դէպի բրտութիւն եւ սպանութիւն, եւ այս` անկախ մարդկային ներգործութենէն: Ցարդ ընդունուած տեսութիւնը կ՛ըսէր, թէ շեմփանզէները իրարու դէմ կը սկսին կռուիլ միայն, երբ մարդը կը խանգարէ անոնց անտառային բնակավայրերը կամ սննդեղէնի աղբիւրները: Սակայն «Նէյչըր» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա պարզապէս երեւակայական գաղափար մըն է, եւ թէ` իրականութեան մէջ շեմփանզէները իրարու դէմ կը կռուին` տիրանալու համար իրենց ցանկացած որեւէ բանի, ինչպէս նաեւ` «բնաջնջելու» իրենց հակառակորդները:

Իրարու հակամարտ շեմփանզէներու խումբեր կը կռուին` տիրանալու համար հողային տարածքներու, սննդեղէնի աղբիւրներու եւ կենակիցներու, ինչպէս ի յայտ բերած է ուսումնասիրութիւնը: Այնպէս, ինչպէս մարդոց պարագային` այս կապիկներուն քով եւս յաճախ անմեղներն են, որոնք զոհ կ՛երթան կռիւներուն: Գիտնականներ հետազօտած են անոնց կատաղի կռիւները եւ նկատած են, թէ յաճախ բախումներու զոհ գացած են նորածիններ, երբեմն` խլուելով իրենց մայրերէն:

Մինըսոթայի համալսարանէն գիտնական Մայքըլ Ուիլսըն կ՛ըսէ. «Հարկ է յստակացնել հարցը. եթէ շեմփանզէները կը նկատենք իբրեւ օրինակ` հասկնալու համար մարդկային բրտութիւնը, ապա պէտք է գիտնանք, թէ ի՛նչ բան զանոնք կը մղէ բրտութեան»:

Շուրջ 30 գիտնականներ 5 տասնամեակներու ընթացքին վերլուծած են կեդրոնական, արեւելեան եւ արեւմտեան Ափրիկէի տարածքին 18 շեմփանզէներու եւ 4 պոնոպօ կապիկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները: Անոնք նկատած են, թէ նախայարձակ կապիկները սովորաբար արու են, իսկ անոնց զոհերը մեծ մասամբ արու կապիկներ են եւ նորածիններ, որոնք կը պատկանին շեմփանզէներու այլ խումբերու եւ հաւանական արենակիցներ չեն: Կարգ մը պարագաներու միայն նորածիններ սպաննուած են եւ անոնց մայրերուն կեանքը խնայուած է, թէեւ անոնք ենթակայ եղած են իրենց վրայ յարձակում գործած կապիկներուն քմայքին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES