Նոր Ժամանակներու Մէջ. Հոտառութիւնը Կրնայ Կանխագուշակել Կեանքի Տեւողութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հոտառութեան քննութիւններու մէջ յաջող արդիւնք արձանագրած անձեր աւելի երկար ապրած են:

Հոտառութեան քննութիւններու մէջ յաջող արդիւնք արձանագրած անձեր աւելի երկար ապրած են:

ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՏԱՐԻՔԻ ԱՆՁԵՐՈՒ ՀՈՏԱՌՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՓԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՆԵԼ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ, ՈՐ ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿԵՆ, ԹԷ ՏՈՒԵԱԼ ԱՆՁԵՐԸ ՈՐՔԱ՞Ն ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ:

Գիտական ուսումնասիրութիւններու հանրային աղբիւր` «ՓԼՈՍ»-ի մէջ լոյս տեսած վիճակագրութիւն մը, որ կատարուած է 3 հազար անձերու վրայ, ցոյց կու տայ, թէ անոնց 39 առ հարիւրը, որ շատ տկար հոտառութիւն ունի, մահացած է վիճակագրութենէն 5 տարի ետք: Իսկ նոյն ժամանակամիջոցին մահացած է սուր հոտառութիւն ունեցող անձերուն միայն 10 առ հարիւրը:

Գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ հոտառութեան կորուստը ուղղակի մահ չի պատճառեր, սակայն կրնայ կանուխ ազդանշան մը ըլլալ:

Անոնք հոտառութեան երկարատեւ փոփոխութիւն զգացող չափահասներու կը յանձնարարեն դիմել բժիշկի խորհուրդին:

Հինգ Բոյրեր

Շիքակոյի համալսարանէն ուսումնասիրողներ 57-85 տարեկան չափահասներու վրայ կատարած են հոտառութեան արագ քննութիւն մը:

Անոնք գրիչի մը ծայրը թաթխած են 5 տարբեր բոյրերու մէջ եւ քննութեան մասնակցողներէն խնդրած են զատորոշել զանոնք:

Օգտագործուած են անանուխի, ձուկի, նարինջի, վարդի եւ կաշիի բոյրեր:

Քննութենէն 5 տարի ետք չափահասներուն 39 առ հարիւրը, որ ամէնէն ցած նիշերը արձանագրած է (4-5 սխալով), արդէն մահացած է: Հոտառութեան միջին կորուստէ տառապող անձերուն 19 առ հարիւրը մահացած է, իսկ 0-1 սխալ արձանագրած առողջ հոտառութեան տէր անձերուն` միայն 10 առ հարիւրը:

Թէեւ նկատի առնուած են տարբեր գործօններ, ինչպէս` տարիք, սննդառութիւն, ծխելու սովորութիւններ եւ աղքատութիւն, բայց եւ այնպէս ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ ամէնէն տկար հոտառութիւն ունեցող անձերը ամէնէն աւելի ենթակայ կը մնան մահուան վտանգին:

Նարինջի հոտը առնելը աւելի դժուար է, քան` անանուխի հոտը:

Նարինջի հոտը առնելը աւելի դժուար է, քան` անանուխի հոտը:

Ճայանթ Փինթօ, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը, կ՛ըսէ. «Համոզուած ենք, թէ հոտառութեան զգացողութիւնը ազդանշան մըն է: Անիկա ուղղակի մահ չի պատճառեր, սակայն չարագուշակ է. կանուխ ազդանշան մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ մարմինը վնասներ կը կրէ»:

«Մեր յայտնաբերումներուն հիմամբ կարելի է դարմանատան մէջ կիրարկել պարզ, աժան եւ արագ քննութիւն մը` գիտնալու համար, թէ ո՛ր հիւանդներուն կեանքը ամէնէն աւելի վտանգուած է»:

Յստակ չէ, թէ հոտառութիւնը ի՛նչ ձեւով իր դերը կը խաղայ կեանքի տեւողութեան մէջ, սակայն ուսումնասիրողները կը նշեն երկուքին միջեւ կապը բացատրող հաւանական քանի մը պատճառներ:

Անոնց համաձայն, հոտառութեան տկարացումը կրնայ նախանշան մը ըլլալ, թէ ամբողջ մարմնին մէջ բջիջներու վերանորոգութիւնը տկարացած է, կամ տեղի չունենար, որովհետեւ հոտառութեան առողջ զգացողութիւնը մասամբ կախեալ է քիթին բջիջներուն յարատեւ վերանորոգութենէն:

Իսկ հոտառութեան վատթարացումը կրնայ արտացոլել ամբողջ կեանքի ընթացքին օդի ապականութեան եւ ժահրերու ենթակայ վիճակ մը, ինչպէս կ՛ըսեն ուսումնասիրողները:

Այժմ անոնք կը կատարեն յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` հասկնալու համար հոտառութեան եւ մահուան միջեւ կապը:

«Չգնահատուած Զգացողութիւն Մը»

«Հոտառութեան զգացողութիւնը շատ քիչ գնահատուած է, թէեւ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ամէնօրեայ կեանքի մէջ», կ՛ըսէ Փինթօ:

«Սակայն չենք ուզեր, որ մարդիկ խուճապի մատնուին: Ծանր պաղառութիւն մը, զգայնութիւններ եւ շնչառական հարցեր կրնան իրենց անդրադարձը ունենալ հոտառութեան վրայ»:

«Մարդիկ պէտք չէ մտահոգուին, սակայն, եթէ հոտառութեան տկարութիւնը շարունակուի` պէտք է դիմեն բժիշկի խորհուրդին»:

«Թերեւս այս ուսումնասիրութենէն մղուած` աւելի ուշադիր պիտի հետեւինք մեր զգայարաններուն գործունէութեան», կ՛աւելցնէ ան:

Քարտիֆի համալսարանէն Թիմ Ճէյքըպ, որ չէ մասնակցած ուսումնասիրութեան, կ՛ըսէ. «Լաւ ձեւով կատարուած այս ուսումնասիրութիւնը մտածել կու տայ, թէ հոտառութեան զգայարանը շատ սերտ կերպով կ՛առնչուի առողջութեան եւ բարօրութեան հետ:

«Հոտառութիւնը կապ ունի կազմախօսութեան ու հոգեբանութեան հետ եւ ենթակայ է փոխգործօն (ինթըրաքթիւ) ազդեցութիւններու»:

«Օրինակ, հոտառութեան կորուստին կրնայ յաջորդել ընկճուածութիւն, իսկ ընկճուածութեան կրնայ յաջորդել հոտառութեան փոփոխութիւն»:

 

Share this Article
CATEGORIES