«Գ. Իփէկեան» Թատերախումբը Կ՛ընթանայ Իր Ուղիով
ԹՈՐԳՈՄ ՊԵՏԻԿ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի մահով (1982 Պէյրութ) թատերախումբը չմեռաւ, այլ անդամները չափահաս որբեր դարձան, որովհետեւ Ժ. Սարգիսեան խումբին ոչ միայն բեմադրիչն էր, այլեւ դերասաններուն ընկերն էր, մեծ եղբայրը, հայրը, խումբին ներուժը: Իսկ թատերախումբին մահը ոչ մէկ պաշտօնական մարմին կամ ժողով գուժեց, որովհետեւ միութեան մը խումբն էր, եւ այդ միութիւնը գործնապէս կը հետեւէր իր հիմնադիրներէն Լեւոն Շանթի պատգամին` «Մահը իր ճամբով, կեանքը` իր»:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 1982-էն մինչեւ այսօր «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին խաղացանկը եւ իւրաքանչիւր ներկայացման «Ազդակ» օրաթերթի արձագանգէն մէջբերում մը: Դասաւորուած աղբիւրներու բացակայութեան պատճառով «Ազդակ»-ի հաւաքածոները օգտագործած ենք, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք օրաթերթի տնօրէնութեան:
- Նոյեմբեր 1984.- «Օշին Պայլ», հեղինակ` Լեւոն Շանթ, բեմադրիչ` տոքթ. Բ. Փափազեան:
«Ազդակ», 15 նոյեմբեր 1984. «Խրախուսիչ աշխատանք… «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը իր բեմադրիչներէն Ժ. Սարգիսեանի մահէն ետք առաջին անգամ բեմ բարձրանալով` ուզեց ըսել մեր թատերական հասարակութեան, թէ ինք կը մնայ թատերական արուեստի սպասարկուն, ի սպաս մեր գաղութին: Թատերասէրի, ինչպէս նաեւ ներկայ հասարակութեան ջերմ ծափերու վկայութեամբ կարելի է հաստատել, որ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը կը մնայ հին օրերու սիրելի խումբը»:
Նոյեմբեր 1985.- «Մ. Խորենացի եւ Պարոյր Հայկազն», հեղինակ` Մուշեղ Իշխան, բեմադրիչ` տոքթ. Բ. Փափազեան:
«Ազդակ», 3 դեկտեմբեր 1985. «Լիբանանեան պատերազմի այս օրերուն, երբ հայ մարդը շուարած է ու տագնապահար, երբ հայ մնալու եւ հայութեամբ ապրելու հարցը շեշտակի կը դրուի իր առջեւ, արդար է, որ այս տեսակ գործ մը գնահատուի իրա՛ւ հայ մարդուն կողմէ»:
- Փետրուար 1988.- «Կռունկը կը կանչէ», հեղինակ` Ժ. Յակոբեան (հետեւողութեամբ` Ժ. Սարգիսեանի), դերուսոյց` Ժիրայր Խաչերեան:
«Ազդակ», 24 դեկտեմբեր 1985. «Ձուլումի ցաւը գնահատելի կերպով ներկայացուեցաւ բեմին վրայ»:
- Յունուար 1989.- «Հին Աստուածներ», հեղինակ` Լեւոն Շանթ («Թատրոն 67»-ի եւ «Գ. Իփէկեան»-ի գործակցութեամբ), բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 20 յունուար 1989. «… ներկայացուող այս գործը մէկ նոր ապացոյցն է սփիւռքեան մեր այս միութեան 60-ամեայ նուաճումներուն: … Հանդիսատեսը այս գործը կը դիտէ վայելքով եւ գոհունակութեամբ»:
- Փետրուար 1991.- «Չեխովեան ծիծաղ», բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 1 մարտ 1991. «… աղուոր քայլ մըն է, յետպատերազմեան Լիբանանի մեր կեանքին մէջ որակաւոր թատրոնին վերականգնումին համար: Անիկա նաեւ յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչէ հանդիսատեսին եւ թատերասէրին, որ թատրոնը պիտի վերագտնէ նախա-75-ի մակարդակը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ պիտի ձգտի նոր նուաճումներու»:
- Յուլիս 1991.- «Եսի մարդը», հեղինակ` Լ. Շանթ, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 1 օգոստոս 1991. «Վ. Խտըշեան կարողացած է ներշնչել դարուն եւ ժամանակի ոգին եւ ընկերային կարգերու հոգեմտաւոր ըմբռնողութիւնը: Հանդիսատեսը կեդրոնացեալ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ խաղարկութեան, որ անցեալի հարազատ դրոշմը կրկնեց»:
- Ապրիլ 1992.- «Վենետիկի երկուորեակները», հեղինակ` Ք. Կոլտոնի, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 18 ապրիլ 1992. «… լաւ խաղարկութեամբ յատկանշուած այս թատերախաղին ներկայացման մէջ ուշագրաւ է յաճախ բեմ բարձրացած փորձառութիւն ձեռք ձգած դերասաններուն, բազմաթիւ տարիներ հայ բեմին ծառայած վարպետներուն միջեւ ներդաշնակ խաղարկութիւնը, որոնց հետ իրենց առաջին, բայց համարձակ քայլերը կը նետեն նորերը»:
- Մայիս-յունիս 1993.- «Բոլոր զաւակներս», հեղինակ` Արթըր Միլըր, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 9 յունիս. «… մեծ պաստառի կոթողային գործ մը: Ա. Միլըրի՞ գլուխ գործոցն է, թէ՞ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին, որուն ստեղծման 50-ամեակը տօնելու համար կարելի չէր տարբեր պատիւ ընծայել յոբելենական այս նուաճումին»:
- Ապրիլ 1994.- «Օսքար», հեղինակ` Քլոտ Մանէ, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 20 ապրիլ 1994. «… եթէ նկատի առնուին արուեստի որեւէ մարզի մէջ իրագործուած յաջողութիւնները, որոնք անցեալին կը պատկանին այլեւս, ճիշդ պիտի չըլլար շոյել դափնիները եւ չփորձել նոր ուժերով կրկին երեւան գալ: «Օսքար»-ը կարելի է նկատել յաջողութիւն»:
- Յունիս 1995.- «Բ. պողոտայի բանտարկեալը», հեղինակ` Նիլ Սայմըն, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 15 յունիս 1995. «Ոստում մը` լիբանանահայ բեմին վերականգնումի ճամբուն վրայ… Այս գործով անոնք կը յաջողին մեր բեմին մակարդակն ու թատերական ճաշակը վերահաստատելու ճիգին մէջ»:
- Փետրուար 1996.- «Երկինքի ճամբով», հեղինակ` Յակոբ Օշական, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 9 փետրուար 1996. «Հայկական դատը սերունդներուն խիղճին փոխանցող ցնցիչ ներկայացում մը… թատրոն չէր սա, բեմադրութիւն ալ չէր. ինքը` կենդանի եղեռնը…»:
- Յունուար 1997.- «Գինը», հեղինակ` Արթըր Միլըր, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան: Ներկայացման մասնակցեցաւ Սօս Սարգսեան:
«Ազդակ», 28 յունուար 1997. «Թատերական արբեցում մը… Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ըղձալի առիթ մը ընծայեց ըմբոշխնելու արուեստի գործ մը»:
- Յունիս 1997.- «Պրիզպանի գաղթականը», հեղինակ` Ժորժ Շահատէ, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան: Այս ներկայացման եւս մասնակցեցաւ Սօս Սարգսեան:
«Ազդակ», 20 յունիս 1997. «Բեմադրութիւնը մտածուած ու «չափուած ձեւուած»` ունէր հեզասահ գնացք… Վ. Խտըշեանի բեմադրական-ստեղծագործական արգասիքին նոր գոյն տուող, հայ, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ այլազգի թատերագիրներու հոյլին մէջ լիբանանցի տաղանդաւոր արժէք մը ծանօթացնելու առիթ մը եղաւ»:
- Փետրուար 1998.- «Շերի նուար», հեղինակ` Ֆ. Քամփօ, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 27 փետրուար 1998. «Գ. Իփէկեան թատերախումբը ինքնին արժանաւոր անուն մըն է` գաղութահայ թատերական մեր պատկերը ոսկեջրած:… զուարթ, խոհական, նոյն ատեն հաղորդական ներկայացման մը վայելքը կը զգայ հանդիսականը… վկան կ՛ըլլանք այն ջերմ ծափահարութեանց, որոնք տեւեցին երկար` միացած ««պռաւօ»-ներու կանչերուն»:
- Մայիս 1998.- «Ցանկայարոյցներու վերջինը», հեղինակ` Նիլ Սայմըն, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 20 մայիս 1998. «Գ. Իփէկեան թատերախումբը տպաւորիչ խաղարկութեամբ կը ներկայացնէ այս թատերախաղը: Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան յատկապէս կը միտի թապու մը վերացնել` բեմ բարձրացնելով ամուսնական հաւատարմութեան եւ սեռային կիրքեր:… Ուժական խաղարկութեան շնորհիւ` իմաստաւորուած բեմադրութիւն մըն է եւ իբրեւ այդպիսին` թատերական վայելքի պահ մը կը պարգեւէ…»:
- Փետրուար, 1999.- «Կայսրը», հեղինակ` Լեւոն Շանթ, բեմադրիչ` Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 24 փետրուար 1999. «80 անձերէ բաղկացած թատերական «շարժում» մը` զօրաշարժային ուժգնութեամբ:… Վ. Խտըշեանի արուեստին ու անոր թատերական դպրոցին աշակերտածներու սա բանակը, իբրեւ մշակոյթի տաճարին խնկարկուները, հրաշալի յայտնութիւններ պարզեցին այս բեմադրութեամբ… «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին պարծանք ներշնչող իրագործում մը:
- Դեկտեմբեր, 1999.- «Բլրեցի Եփփէ», հեղինակ` Լ. Հոլպերկ, բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան:
«Ազդակ», 23 դեկտեմբեր 1999. «Լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ յատկանշական երեւոյթ մը կարելի է նկատել բեմադրութիւնը այս թատերակին… Վարուժան Խտըշեան գիտէ գաղտնիքը նոր ուժեր յայտնաբերելու, զանոնք իր վարպետի շաղախով խմորելու եւ վերածելու դերասաններու…. Վարպետը յաջողած է իր հնարքներով հաճելին միացնել օգտակարին, վեր առնել թատերակին խորհուրդը եւ զայն ներկայացնել ընդունելի մակարդակով»:
- Յունիս 2000.- «Մինչեւ ո՞ւր», հեղինակ` Յակոբ Օշական, բեմադրիչ` Վ. Խտըշեան:
«Ազդակ», 23 յունիս. «Վ. Խտըշեան օգտագործած է բեմադրական շարք մը հնարքներ, ինչպէս` թատրերգութեան շաղկապուող միտքերը վեր առնող երաժշտական «լէյթ մոթիֆ»-ներ, տիպարի մը խորհրդանշական բնոյթին վրայ ուշադրութիւն հրաւիող լուսարձակներ, հոգեվիճակի մը ծանրութիւնը լսելի ու տեսանելի պատկերի վերածող հնչիւններ` բեմին վրայ զետեղուած դաշնամուրի մը ստեղնաշարին վրայ»:
- Փետրուար 2003.- «Կիլիկիոյ արքան», հեղինակ` Մ. Իշխան, բեմադրիչ` Զոհրապ Եագուպեան:
«Ազդակ», 27 փետրուար 2003. «… այս թատերախաղին ընդմէջէն «Համազգային» անգամ մը եւս լիբանանահայութեան առիթ կու տայ արուեստ ըմբոշխնելու պահեր ապրելու եւ ոգեւորուելու»:
- Ապրիլ 2004.- «Օսկան Փեթրովիչը այն կեանքում», հեղինակ` Գ. Սունդուկեան, բեմադրիչ` Դաւիթ Յակոբեան:
«Ազդակ», 29 ապրիլ 2004. «Արուեստի հրաշքը չէր կայանար միայն ներկայացումի յղացքին մէջ: Դ. Յակոբեան գիտցած էր ստեղծել միաձոյլ խումբ մը…. ստեղծուած էր հաւաքական խաղարկութիւն` ներդաշնակ եւ տպաւորիչ: Այս բոլորէն ետք եզրակացութիւն մը բնականօրէն կը պարզուի մեզի. «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը լաւ ձեռքերու մէջ է հիմա եւ` լաւ ճամբու վրայ»:
- Ապրիլ 2005.- «Հէ՛յ մարդ, ո՞ւր կ՛երթաս», հեղինակ` Մ. Իշխան, բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան:
«Ազդակ», 6 ապրիլ 2005. «Հայրենաբաղձութեան, պահանջատիրութեան, հայ ապրելու գերագոյն ԴԱՍԸ յիշեցուց մեզի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը` իր վարպետ ու նորընծայ բեմի նուիրեալներով»:
- Ապրիլ 2007.- «Սորրի», հեղինակ` Ռ. Նելսոն, բեմադրիչ` Վիգէն Ստեփանեան:
«Ազդակ», 14 ապրիլ 2007. «… հանդիսատեսը կապուած կը պահեն բեմին, երկու դերասաններ կ՛ապրին իրենց դերերը` ամենայն հարազատութեամբ եւ անմիջականութեամբ»:
- Յուլիս 2009.- «Քարանձաւի բնակիչները», հեղինակ` Ու. Սարոյեան, բեմադրիչ` Յասմիկ Թաշճեան- Պերթիզեան:
«Ազդակ», 12 յուլիս 2009. «Բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեան բեմադրութեան մէջ զետեղած է իւրայատուկ գունաւորում, երբ թեման իր լրջութիւնն ու բովանդակալից իմաստը պահելով հանդերձ, ունի կատակերգական յատուկ ոճ մը, որ նոյնինքն առաւել հաճելի կը դարձնէ ներկայացումը»:
- Ապրիլ 2011.- «Ճամբուն վրայ», հեղինակ` Լեւոն Շանթ, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեան:
«Ազդակ», 15 ապրիլ 2011. «… Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց ազգային գաղափարախօսութիւն պատգամող թատերախաղ մը, որ արժանի է գնահատանքի»:
Մարտ 2012.- «Փառքի վաշխառուները», հեղինակ` Մարսել Փանիոլ, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեան:
«Ազդակ», 24 մարտ 2012. «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այս թատերախաղով կու գայ նոր էջ մը աւելցնելու թատերախումբի 70-ամեայ գործունէութեան վրայ:
Այս մէկը կու գայ նաեւ ապացուցելու, որ Համազգայինը կը մնայ նախանձախնդիր իր առաքելութեան` տարածելու եւ պահպանելու հայ մշակոյթը:
- Մայիս 2012.- «Զանզալախտ», հեղինակ` Իսամ Մահֆուզ, բեմադրիչ` Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Ազդակ», 25 մայիս 2012. Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը բարձր կատարումով սկսաւ ներկայացնել «Զանզալախտը»:
Մարտ 2013.- «Գիշատիչներու խրախճանքը», հեղինակ` Վահէ Քաչա, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեան:
«Ազդակ»- 16 մարտ 2013. «Ուրախացանք, որ վերականգնում մը, նորածաղկ միջավայր մը ստեղծուած է «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «դպրոց»-ին մէջ»:
- Մայիս 2013.- «Ճաղատ սոփրանօ», հեղինակ` Է. Եոնեսքօ, բեմադրիչ` Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Ազդակ», 24 մայիս 2013. «Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան կրցած է իր շուրջը հաւաքել գաղութի ծանօթ եւ արհեստավարժ դերասանները, որոնք իր հսկողութեան ներքեւ հանդիսատեսին կրցան ներկայացնել իրենց լաւագոյնը եւ ապրեցնել նիւթին հետ»:
«Ազդակ», 5 յունիս 2013. «Սքանչելի խաղարկութիւն մը վայելեցինք… Այս թատերախաղին գլխաւոր արժէքն ու գեղեցկութիւնը դերասաններուն բնական եւ հարազատ խաղարկութեան մէջ է»:
- Մայիս 2014.- «Աստուածային կատակերգութիւն», բեմադրիչ` Յակոբ Տէր Ղուկասեան:
«Ազդակ», 24 մայիս. «Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը յաջողութեամբ սկսաւ ներկայացնել «Աստուածային կատակերգութիւնը»:
ՆՈԹ.- Այս նիւթին մասին համարձակութիւն ունեցանք գրելու, որովհետեւ Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, նկատի առնելով Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին մէջ տարբեր բեմադրիչներու (Զոհրապ Եագուպեան, Սիմոն Մնակեան, Թաթուլ Այնեճեան) հետ մեր տարիներու գործունէութիւնը, մեզ նշանակած էր «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչական, որպէսզի խումբին նոր բեմադրիչ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին հետ գործակցէինք, որովհետեւ վարչութեան վեթերան անդամները տարիքի եւ այդ օրերու ապահովական վտանգաւոր կացութեան պատճառով դժուարութեան մատնուած էին:
Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն վայրագ տարիներուն, երբ շատեր իրենց անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովելու նպատակով կ՛ուղղուէին ոստաններ արեւմտեան, Պէյրութի արեւմտեան շրջանէն տոքթ. Փափազեան ամէն օր կը հատէր երկփեղկուած մայրաքաղաքին անհեթեթ սահմանները` գլուխը ռումբերուն եւ կուրծքը փամփուշտներուն, որպէսզի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տան մէջ (Տորա) «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին փորձերը ղեկավարէր: Տոքթորին այդ խիզախութիւնը, կամքը, հաւատքը, եռանդն ու չնահանջելու ոգին մեզ վարակեց եւ աշխատանքը (յաճախ ուղղակի, մերթ` անուղղակի) շարունակուեցաւ վերոնշեալ բեմադրիչներուն հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն ներդրումը ունենալով նոր երանգներով, տարրերով եւ բովանդակութեամբ` հարստացուց «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին գործունէութիւնը:
Իսկ 1980-ականներու կէսերէն «Գ. Իփէկեան»-ի գործունէութեան ծիրին մէջ ստեղծուած երիտասարդներու համար թատերական դասընթացքով (տեսական բաժինը` տոքթ. Բ. Փափազեանի, իսկ գործնականը` Վ. Խտըշեանի ղեկավարութեամբ), «Գ. Իփէկեան» երիտասարդական թատրոնով, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբով եւ թատերական դպրոցով, «Համազգային»-ը յայտնաբերեց նոր ուժեր, զանոնք քաջալերեց, օժանդակեց անոնց կատարելագործման, եւ այդ ընդունակութիւնները այսօր կը ծառայեն հայ մշակոյթին` իբրեւ բեմադրիչ, դերասան, ասմունքող, բանաստեղծ, նկարիչ, կրթական մշակ:
Արդարեւ, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կազմակերպած 1980-ականներու թատերական այդ դասընթացքին մասնակցած եւ «Գ. Իփէկեան» Երիտասարդական թատրոնի 1989-ին ներկայացուցած «Սպասելով Լեֆթիին» (բեմադրիչ` Մհեր Գարագաշեան) թատերախաղին մէջ երկրորդական եւ երրորդական անխօս դերեր ստանձնած երկու դերասաններէն մէկը այժմ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր գործունեայ վարչականներէն է, իսկ միւսը` թատերախումբին ներկայիս բեմադրիչը:
Աւելի՛ն. «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն (1997) խումբին յարատեւօրէն մաս կազմած պատանիներէն վեց հաւատաւորներ, աւելի քան 45 տարի բեմին ծառայած Զաւէնի, Եուսուֆի եւ Դարփինի կողքին, վերջին ներկայացումներուն մէջ յաջողութեամբ ստանձնեցին հիմնական դերեր եւ աշխատանք: Անոնցմէ երկուքը արդէն կ՛աւարտեն հեղինակաւոր համալսարաններու բեմադրութեան եւ տեսալսողական ճիւղերը: (Կ՛առաջարկենք վերակենդանացնել Համազգայինի Թատերասէրներու միութիւնը եւ հիմնել «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Ժորժ Սարգիսեան» սթիւտիօ):
Փաստօրէն «Համազգային»-ը 1980-ականներու կէսերէն մշակած իր ծրագիրը թուղթէն կեանքի անցուցած է կենդանի գործով: Ծրագիրը յղացած եւ ատոր հիմը դրած երախտաւորներէն ոմանք այժմ մահացած են, բայց «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին կեանքը կ՛ընթանայ ի՛ր ճամբով, գովասանքներով եւ քննադատութիւններով` նոյն ձեւով ընդունելով «զոյգն այդ խաբող»:

