Նշմար
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներուն եւ յետպատերազմի տարիներուն լիբանանահայը կ՛ապրէր ճգնաժամային պահեր: Անապահովութիւն, վախ, սարսափ ամէնուրեք էին: Օրուան պատասխանատուները իրենց կարելին կ՛ընէին` հասնելու ժողովուրդին տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն: Ներկայ մեր առաջնորդները, ղեկավարները, ուսուցիչները այդ օրերուն տակաւին դպրոցական գրասեղաններուն ետին էին. ազգային եւ կրթական մարմիններ իրենց կարելին կ՛ընէին բաց պահելու վարժարանները: Օրին Լիբանանի առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութիւնը կու տային որոշում մը, որ հայ աշակերտը, յատկապէս նիւթական պատճառներով, դուրս պէտք չէր մնար հայ դպրոցէն: Օրին շատ տեղին եւ ճիշդ ժամանակին տրուած որոշում էր: (Այս գրութեան մէջ չեմ ուզեր անդրադառնալ յետպատերազմեան տարիներուն իսկ այդ որոշման չարաշահումներուն եւ օգտագործումներուն մասին. այդ այլ նիւթ է):
Այսօր կը գտնուինք նոյն վատ պայմաններուն մէջ: Այսօր սուրիահայ աշակերտը միեւնոյն տագնապը կը դիմագրաւէ: Լիբանան ապաստանած ընտանիքներ դժուարութեան մատնուած են իրենց զաւակներուն ուսման հետ կապուած հարցերով: Շնորհակալ պէտք է ըլլալ ներկայ ղեկավարներուն, որոնք իսկապէս շատ օգտակար կը հանդիսանան մեր քոյր-եղբայրներուն: Հիմա ժամանակն է այդ նախկին որոշումը դարձեալ սեղանի վրայ դնելու եւ կարենալ ըսելու. «Ոչ մէկ սուրիահայ պատանի նիւթական պատճառներով դուրս պիտի մնայ հայ դպրոցէն»:
Ե. Տ. Ե.

