Սրտի Խօսք. «ԼՕ Խաչին Ե՛ս Շնորհակալութիւն Պէտք Է Յայտնեմ»

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Այո՛, այս մտածումով ժողովէն տուն կը վերադառնայի նոր ծրագիրներով, բայց` հանգչած, պարպուած, թեթեւցած:

Ինը կին,
Ինը ժպիտ,
Ինը հաւանութիւն,
Ինը հետաքրքրութիւն,
8 գաւաթ սուրճ…

Պատահմամբ քարոզչական յանձնախումբ մտած եղայ` առանց գործին իսկական տարողութեան մասին գաղափար ունենալու: Ի՞նչ կ՛ակնկալուէր ինձմէ` չէի գիտեր, Շրջանային վարչութեան մէջ վերընտրուած ընկերուհիիս հետ կը խօսէի, այդ առիթով հարցուցի.

– Ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ:

– Քեզ քարոզչականին մէջ նկատի ունիմ,- ըսաւ: Այս խօսակցութեան հետեւեցան քանի մը հեռաձայններ եւ ինքզինքս գտայ կեդրոն` բոլորուած սեղանի մը շուրջ:

Ընկերուհիներուն մեծ մասը փորձառու եւ ընդհանրապէս արդէն` գործունեայ: Անմիջապէս ծրագիր, կանոնագիր, կարծիքներու փոխանակում նպատակ` 2015-ի օրացոյց 100-ամեակ: Մթնոլորտը շատ շինիչ, տաք ու կազդուրող, արթնցնող, լաւագոյնդ տալու, օգտակար դառնալու հոգին խաղաղեցնող սքանչելի զգացումով:

Ամէն անգամ, որ «Պուլղուրճեան» կեդրոն մտնեմ, մեղուի փեթակի կը նմանցնեմ կեդրոնը, ուր ժրաջան վազվզուք մը կայ, բժշկական կեդրոն եւ ժպտերես մարդիկ: Ակներեւ է տնտեսուհիներուն անուշ ժպիտը եւ հոգածութիւնը ընկերուհիներուն հանդէպ: Անմիջապէս համով, «սրտով եփած» սուրճը կը հասնի, սուրճի սիրահար մը չեմ, բայց ի՜նչ հաճոյքով կը խմեմ այդ կէսօրուան սուրճը, մերսի՛: Ու ակամայ կը մտածեմ. երիտասարդուհի, դեռատի մայրեր, որոնք իրենց տնային պարտականութիւններուն մէջ մխրճուած` կը կարծեն, որ եթէ երկու ժամ բացակային եւ օգտակար դառնալ փորձեն, իրենց ընտանիքը տուժած կ՛ըլլայ, կամ իրենք` թերացած, ժամանակին ես ալ այդպէս կը մտածէի, բայց հիմա կը մտածեմ, որ իրենց ուժն ու կորովը, գիտութիւնը եթէ տրամադրեն, երեկոյեան աւելի ուրախ ու գոհունակ սրտով պիտի դիմաւորեն իրենց ընտանիքին անդամները:

Եկէ՛ք, բազմապատկենք կամաւոր բանակին շարքերը:

Առօրեայէն կտրուիլ, ո՛չ անձին, ո՛չ շրջապատին, ո՛չ ընտանիքի մասին մտածել. երկու ժամը բաւարար է ընկերուհիներու ակնկալութիւնները գոհացնելու, պահանջուածը բծախնդրութեամբ եւ հետաքրքրական ձեւով փութկոտութեամբ տալու համար:

Ամէն մէկ ընկերուհիի աշխատանքի ձեւը, մտածելաձեւը, դիտելը գունաւոր ծաղկեփունջ մը կը դառնայ սեղանին վրայ:

Նոր դէմքեր, նոր աշխատելաոճ, նոր ծրագիրներ ու հեռանկարներ. այդ փոխյարաբերութիւններուն ընդմէջէն ինչե՜ր կը սորվինք:

Կեանքը շատ տխուր պիտի ըլլար առանց այս զգացումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES