«Հայ Կին Գրողները Տարիներու Ընդմէջէն»
Թ. Տ.
Կրթուած կանայք հասարակութեան
համար գանձ են:
Մխիթար Գոշ
Դարձեալ հրաժեշտ կու տանք ամրան. վերամուտի զանգերուն հետ գրական յանձնախումբը իր կարգին նոր եռանդով զինուած, կը շարունակէ գրասէրներու խմբակի ամսական հաւաքներու շարքը:
Աշնան պայծառ կիրակիներէն` 28 սեպտեմբերն է: Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ, քառանկիւն, վարդերով պատած սեղաններու ետին, կողք կողքի նստած են Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամներ, օրուան ծրագրին մասնակցողները:
Հայ կին գրողները տարիներու ընդմէջէն. «Հաւանաբար, պէտք էր ըսէինք` դարերու ընդմէջէն» կը սկսի հանդիսավարը` Թամար Տօնապետեան- Գուզուեան, ակնարկելով յատկապէս 19-21 դարերուն վրայ երկարող ժամանակահատուածին, ծայր տալով Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած գրասէրներու խմբակի 27-րդ հաւաքին: Ան կը բացատրէ թէ նիւթը լայնածաւալ է, ուրեմն, հաւաքին ընդմէջէն հակիրճ պտոյտ մըն է, որ պիտի կարենանք կատարել միայն` գաղափար մը կազմելու համար իգական սեռին պատկանող հայ գրողներուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն մասին, այն յոյսով, որ հաւաքը խթան մը հանդիսանայ բոլորին, որպէսզի գիրքը ձեռք առնեն ու սուզուին մեր գրականութեան գունագեղ էջերուն մէջ:
Ու ահաւասիկ, պտոյտը կը սկսի Պոլսոյ թաղերէն: Կոստանդնուպոլիսը մեզի տուած է բազմաթիւ տաղանդաւոր գրողներ, ներառեալ` իգական սեռին պատկանող գրողներու հունձք մը, որ ոչ միայն առաւել եւս հարստացուցած է մեր գրականութեան էջերը, այլ նաեւ նոր ճամբայ բացած է, առաջնորդը հանդիսացած է մանաւանդ` մարդկային իրաւունքներու եւ յատկապէս կին արարածի իրաւունքներուն բնագաւառին մէջ:
1800-ական թուականներուն հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր դրոշմը դրաւ Օրթագիւղի ծնունդ Սրբուհի (Վահանեան) Տիւսաբ (1840-1901), մեր առաջին կին վիպագիրը: Մեղրի Մեսրոպեան կը ներկայացնէ Տիւսաբի կենսագրութիւնն ու գրական յատկանիշները: Վահանեան աշակերտած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի: Ան հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարող առաջին գրագիտուհին է: Հարուստ ընտանիքի զաւակ` եւրոպական ուսում ստացած է: Ամուսնացած է ֆրանսացի երաժիշտ Փոլ Տիւսաբի հետ, բախտաւորուած են երկու զաւակով, դուստրը` Տորին, մանչը` Էտկար: Տորին կանուխ տարիքին թոքախտէ մահացած է` մեծ սուգի մատնելով ծնողքը: Սրբուհի Տիւսաբ գրած է երեք վէպեր` «Մայտա», «Սիրանուշ», եւ «Արաքսիա» կամ «Վարժուհին»: Իր գործերուն մէջ կը հանդիպինք գրաբարի գործածութեան. ոճը սահուն ու ինքնաբուխ է: Տիւսաբի յատկանիշներէն կը համարուին զարգացած միտքն ու զօրաւոր նկարագիրը: Մեղրի ներկաներուն հետ կը բաժնէ Սրբուհի Տիւսաբէն մտածումներ. օրինակ` կինը կրնայ երկար ատեն խորապէս տառապիլ: Այր մարդն անկարող է այդ բանին. կա՛մ տառապանքէն կը մեռնի, կա՛մ կը մոռնայ զայն:
Մեղրիին կը յաջորդէ Մեղեդի Էթիեմեզեան` ներկայացնելու համար գրող, մանկավարժ ու հասարակական գործիչ Զապէլ (Խանճեան) Ասատուր, գրչանունով` Սիպիլ (1863-1934): Սիպիլ թէ՛ վիպագիր է, թէ՛ բանաստեղծ: Ծնեալ` Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, հիմնադիրներէն է «Ազգանուէր հայուհեաց» ընկերութեան, որ իբրեւ նպատակ ունեցաւ Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ հայ պարմանուհիներուն համար: Ամբողջ քսանամեակ մը այդ ընկերութիւնը սատարած է պարմանուհիներու ուսուցման գործին ու ջարդերէն ետք անտէր մնացած որբերու հոգատարութեամբ զբաղած է: Իր առաջին ամուսնոյն` փաստաբան Կարապետ Տոնելեանին հետ շրջած են գաւառները` զարկ տալու աղջկանց վարժարաններու հիմնադրութեան: Դասաւանդած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ: Ամուսնոյն մահէն ետք, Սիպիլ դարձեալ ամուսնացած է, այս անգամ` գրող Հրանդ Ասատուրի հետ. միասնաբար հրատարակած են «Թանգարան» դասագիրքերու շարքը: Սիպիլ հեղինակն է «Աղջկան մը սիրտը» վէպին եւ «Ցոլքեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյին: Հակիրճ կենսագրութեան ու գրական յատկանիշներուն կը յաջորդեն «Աշուն» եւ «Հայ լեզուին» բանաստեղծութիւնները` Մեղեդի Էթիեմեզեանի մեկնաբանութեամբ:
Զապէլ Եսայեանն է (1878-1943) երրորդ դէմքը հաւաքին. հաւանաբար ամէնէն յայտնի կին գրողը` արեւմտահայ գրականութեան մէջ: Եսայեանը կը ներկայացնէ Արփի Ագըլեան: Դարձեալ Սկիւտարի ծնունդ` Եսայեան համալսարանական ուսում ստացած է Փարիզի Սորպոն համալսարանին մէջ: Վիպագիր է. Յակոբ Օշական իր մասին գրած է. «Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ: Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ամբողջ յաջողութիւնն է»: Իր գործերէն են` «Սպասման սրահին մէջ», «Շնորհքով մարդիկ», «Սիլիհտարի պարտէզները», «Կեղծ հանճարներ», «Աւերակներուն մէջ», «Հոգիս աքսորեալ» եւ այլ: «Աւերակներուն մէջ» հատորը կը համարուի իր կարեւորագոյն գործերէն. Եսայեան այդ հատորին մէջ թուղթին յանձնած է հայոց ողբերգութիւնը` Կիլիկիոյ ջարդերուն մօտէն իրազեկ դառնալէ ետք: Կ՛ըսուի, թէ Եսայեան արեւմտահայ առաջին գրողը եղած է, որ փարիզեան իր հանգիստ կեանքը ետին ձգելով, իր երկու զաւակներով 1934-ին հասած է Խորհրդային Հայաստան` վերջնականապէս հոն հաստատուելու միտումով: Սակայն, 1937-ին ձերբակալուած ու աքսորուած է` վերջապէս զոհը դառնալով ստալինեան բռնատիրութեան: Արփի կը կարդայ «Մօր մը պատմածը» սրտաճմլիկ հատուածը` «Աւերակներուն մէջ» հատորէն:
Հանդիսավարը վերոյիշեալ անուններուն կողքին կը նշէ նաեւ Կոստանդնուպոլիսէն անցած այլ կին գրողներու անուններ, ինչպէս` Մարի Աթմաճեան, Էլպիս Կեսարացեան, Հայկանուշ Մառք, Ատրինէ Տատրեան եւ այլ:
Կ՛անցնինք դէպի Արեւելահայաստան, ուր քսաներորդ դարուն տիրապետող դէմքերէն էր ամենայն հայոց բանաստեղծուհի` Սիլվա Կապուտիկեան (1919-2006). Մեղեդի (Մնացականեան) Գալուստեան կը ներկայացնէ Կապուտիկեանը: Ծնեալ` Երեւան, Կապուտիկեան եօթը տասնամեակներ կը ստեղծագործէ, հայ գրականութեան տալով գոհարներու շարան մը: Սիլվա Կապուտիկեան գրած է հայրենիքի մասին, սիրոյ մասին, ունի նաեւ մանկական բանաստեղծութիւններու շարք մը: Ամուսնացած էր հանրածանօթ բանաստեղծ` Յովհաննէս Շիրազի հետ. ունեցած են զաւակ մը` Արա, որ հետագային կը դառնայ հանրածանօթ քանդակագործ Արա Շիրազը: Կապուտիկեանի գործերէն են` «Երկու զրոյց», «Օրերի հետ», «Իմ հարազատները», «Մտորումներ ճանապարհի կէսին», «Քարաւանները դեռ քայլում են», «Եօթ կայարաններ» եւ այլն: Սիլվա Կապուտիկեան բազմաթիւ առիթներով շրջած է սփիւռքի զանազան գաղութները, ներառեալ` Թորոնթօ: Մեղեդի կը ներկայացնէ Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններէն «Վան»-ը, «Մոխրագոյն աչքեր» եւ պարբերութիւն մը` անոր ամէնէն նշանաւոր «Խօսք իմ որդուն»-էն:
Հաւանաբար նոյնքան հանրածանօթ չէ յաջորդ գրողը. հայրենի բանաստեղծուհի Մետաքսէ Պօղոսեան (1926-2014). Արեն Մնացականեան կը ներկայացնէ զայն: Մեսաքսէ ծնած է Արթիկ, Հայաստան. անդամ էր Հայաստանի Գրողներու միութեան: Սպիտակի երկրաշարժէն ետք հիմնած է «Մայրութիւն» բարեգործական կազմակերպութիւնը: Մասնակցած է գրականութեան վերաբերող տարբեր փառատօներու. երեսունէ աւելի գիրքերու հեղինակ է, որոնցմէ են «Հազար ու մի սէր», «Արցունքները չեն ծերանում», «Երբ ես գալու, Տէր», «Մենք ենք ու մենք» եւ այլն: Դուստրը` Լիլիթ, բանաստեղծուհի է: Մետաքսէի գործերը բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած են: Մետաքսէ Պօղոսեան մահացած է օգոստոս 2014-ին, Երեւան: Արեն կը ներկայացնէ «Ինքնատիպութիւն հայ կնոջ» խորիմաստ բանաստեղծութիւնը:
Անշուշտ այս պարագային եւս գրողներու շարքը երկար է. յիշենք Գիւմրիի ծնունդ Շուշանիկ Կուրղինեանին անունը, Մարօ Մարգարեան, ժամանակակից գրողներէն Տիանա Համբարձումեան, Արուսեակ Սահակեան, Լիլիթ Գալստեան եւ այլ…
Կ՛անցնինք սփիւռքահայ գրողներու. Մուշեղ Գարագաշեան կ՛արտայայտուի իր նախասիրած գրողներէն Ալիսիա Կիրակոսեանի մասին (1936-2014): Կիրակոսեան ծնած է Քորտոպա, Արժանթին: Աւարտած է Պուէնոս Այրեսի ազգային համալսարանին իրաւաբանական բաժինը: Գրած է սպաներէն, իտալերէն ու յետոյ` անգլերէն ու հայերէն լեզուներով: Հայրենի հանրածանօթ բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան հայերէնի թարգմանած է անոր կարգ մը գործերը, իսկ գիրքերէն մաս մը նկարազարդած է աշխարհահռչակ Փիքասոն: Իր հրատարակած գործերէն են «Արմատ եւ էութիւն», «Նամակ առ Հայաստան», «Խորան I», «Խորան II», «Անդենական զրոյցներ» եւ այլ: Պրազիլի Սան Փաոլօ քաղաքին մէջ պաշտպանած է տոքթորայի ատենախօսութիւնը գրականութեան ճիւղին մէջ: Մուշեղ Գարագաշեան կը ներկայացնէ իր բանաստեղծութիւններէն գեղեցիկ փունջ մը, ներառեալ` «Նամակ առ Հայաստան»-էն առնուած բաժին մը:
Կը յաջորդէ Վարագ Պապեան. ան կը սկսի իր ներկայացումը` մանկութենէն փրցուած յուշով մը, երբ տասը տարեկան հասակին կը հանդիպի գրող Վեհանուշ Թեքեանի եւ կը տպաւորուի անով: Վեհանուշ Թեքեան ծնած է Պէյրութ, 1948-ին: Համալսարանական ուսումը ամբողջացուցած է փիլիսոփայութեան եւ անգլիական գրականութեան ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալով: Վկայեալ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Գլխաւոր երկերն են` բանաստեղծութիւններ` «Կապոյտ ապրիլ», «Ոստրէ», «Կիզակէտ», արձակ գրութիւններ` «Ճեղքուած մանրանկար», «Նշանագիր», «Բազմածուփ աշխարհ», «Տոհմածառ»: Ներկաները կ՛ունկնդրեն Վարագի կողմէ յատուկ ոճով մեկնաբանուած Թեքեանի «Անսովոր եւ սովորական» պատմուածքը:
Սփիւռքահայ գրողներու շարքին կարգը կը հասնի Պէյրութ ծնած, այժմ Նիւ Եորք ապրող Լոլա Գունտաքճեանին: Զայն կը ներկայացնէ Ռուբէն Ճանպազեան: Լոլա հաւանաբար յայտնութիւն մըն է ներկաներուն համար: 2011-ին մասնակցած է First New York Poetry Festival փառատօնին, 2006-էն ի վեր կը վարէ երկլեզու «Armenian Poetry Project» ծրագիրը, որուն մասին Ռուբէն գովասանքով կ՛արտայայտուի եւ կը քաջալերէ ներկաները, որ անպայման այցելեն կայքը: Գունտաքճեան կը գրէ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գրութիւնները թարգմանուած են արաբերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներու, 2014-ին Naji Naaman մրցանակին դափնեկիրն է, իսկ մօտ օրէն պիտի մասնակցի բանաստեղծներու յատուկ փառատօնի մը, Քեպեքի մէջ: Անոր գործերը հրատարակուած են գիրքերու եւ «Բագին» պարբերաթերթին մէջ: Ռուբէն կը կարդայ Լոլայի բանաստեղծութիւններէն` «Գալով անցեալին», «Երկու Անիներ», «Աշուն», «Karaoke-ական անէծքներ» (Երեւանեան գիշերներ) «Թթենին»:
Հանդիսավարը կը նշէ նաեւ այլ սփիւռքահայ գրողներու անուններ, որոնցմէ են` Շահանդուխտ, Լուսիկ Մելիքեան, Սոնա Զէյթլեան ու տակաւին` Ժանեթ Քասունի, Սեզա, Մարուշ Երամեան ու Թորոնթոյէն` Ժանեթ Գիրեջեան:
Լուսարձակը կը դարձնենք մանկական գիրքերու վրայ. Տօնապետեան-Գուզուեան ուրախութեամբ կը ներկայացնէ վերջերս Լիբանանէն գաղութս հաստատուած, դպրոցական օրերէն իրեն ծանօթ` Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանը: Զանի յաճախած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը. համալսարանական ուսում ստացած է` Հայկազեան համալսարանին մէջ հետեւելով մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան ճիւղերուն: Մասնակցած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած արեւմտահայերէնի խտացեալ ծրագրին: Ուսուցչութեան ասպարէզը կը շարունակէ այժմ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ. հեղինակ է մանկական բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ են` «Վարագ» մատենաշարը ու «Միեւնոյն աշխարհի մանուկներ» նկարազարդ գիրքերը: Վերջինը կը վերաբերի մանուկներու իրաւունքներուն: Զանի կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առաւ իր գիրքերուն շարքը եւ կը շեշտէ, որ իրեն համար գիրքը տարիք չունի:
Այսպիսով, հաւաքին ընդմէջէն Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամները կը յաջողին փոխադրել ներկաները Կոստանդնուպոլիս, հոնկէ դէպի Հայաստան ու յետոյ սփիւռքի ափերը, սիրոյ, հայրենիքի ու իգական սեռի իրաւունքներուն հետ առնչուող նիւթերէն դէպի մանուկներու անմեղ ու գունազարդ աշխարհը: Յոյժ գնահատանքի խօսքերէն յետոյ իր աւարտին կը հասնի ձեռնարկը:

