«Սեպուհ Շահպազեան Կրթական Ֆոնտ»-ի Մրցանակաբաշխութիւն` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Երէկ` կիրակի, 12 հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԳ. տարելիցին առիթով: Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեպուհ Շահպազեան ֆոնտ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան: Ան նկատել տուաւ, որ Շահպազեան ընտանիքը նոյնացուցած է հայ աշակերտը իրենց զաւկին հետ եւ լաւապէս ըմբռնած, որ հայ աշակերտը իր դաստիարակութեամբ, իրագործումներով եւ բարձրացումով Սեպուհին յիշատակն է, որ կը բարձրացնէ: Խօսքը ուղղելով մրցանակակիր աշակերտներուն` Սեդա Մանկասարեան յոյս յայտնեց, որ տալու եւ բաժնեկցելու առաքինութիւնը կենդանի օրինակ մը ըլլայ իրենց համար եւ երբ կեանքի ասպարէզ մտնեն, իրենք եւս իրենց լուման տան յաջորդ սերունդի դաստիարակութեան:
Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան իր կարգին խօսքը ուղղելով Շահպազեան ընտանիքին նկատել տուաւ, որ իրենք իրենց զաւկին եւ դժբախտ պատահարին այնքան հաւատքով եւ համոզումով կը մօտենան, որ իրենց վիշտը սփոփելով ուրիշներուն ուրախութեան եւ յաջողութեան պատճառ կը դառնան: «Դուք ճիշդ ձեւը ընտրած էք եւ ուրիշներուն յաջողութեան ուղեգիծը սկսած էք գծել` ստեղծելով աշակերտական ֆոնտ մը», հաստատեց Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Աւարտին Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտ Նարօտ Գառնեշեան` նախակրթարանի բաժինին մէջ, իսկ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Գէորգ Եագուպեան` միջնակարգի բաժինին մէջ, բարձրագոյն միջին ունենալնուն համար ստացան «Սեպուհ Շահպազեան կրթական ֆոնտ»-ի մրցանակը:

