Այնճարի Մէջ. Գնահատանքի Հանդիսութիւն Վեր. Րաֆֆի Եւ Գայեանէ Մսըրլեաններուն` Իրենց 20-Ամեայ Ծառայութեան Առիթով
Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովին եւ տիկնանց միութեան, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Րաֆֆի Եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու 20-ամեայ ծառայութեան առիթով կազմակերպուած գնահատանքի հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց օրուան հաղորդավար Նաթալի Քենտիրճեանը, որ ներկայացուց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու կեանքն ու ծառայութեան տարիները` լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:
Այնուհետեւ Սոնա Գուճանեան գնահատանքի իր սրտի խօսքը ուղղեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններուն` անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւութիւն իրենց ծառայութեան մէջ:
Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովի ներկայացուցիչ Վազգէն Թիւմպերեան յատուկ յուշամետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեանները:
Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, ներկայացուց փունջ մը երգեր:
Երգչախումբի ելոյթին յաջորդեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու ծառայութեան տարիները Այնճարի մէջ` ըսելով, որ վերապատուելիին ծառայութեան տարիներուն ընթացքին այնճարցիք յաջողութեամբ դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ան յաջողութիւն մաղթեց Մսըրլեաններուն` դիմագրաւելու իրենց նոր մարտահրաւէրները իրենց ծառայութեան նոր շրջաններուն մէջ:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անունով տոքթ. Խաժակ Այնթապեան Մուսա լերան յուշարձանը խորհրդանշող մետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ. «Հովուական ծառայութեան կորիզը այն է, թէ հովիւը Աստուծոյ ծառան է եւ այդ կ՛ենթադրէ, որ ան իր ծառայութեան հաշիւը պիտի տայ Աստուծոյ: Առ այդ` այս հանգրուանի ծառայութեան պարագային եւս, մենք նոյն ձեւով կ՛ուզենք նայիլ»:
Ան ըսաւ, որ ծառայութեան գնահատում կատարելու համար մենք պէտք է նկատի ունենանք հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ջանքը:
Վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններ առիթը ունեցան ներկաներուն հետ բաժնեկցելու իրենց սրտին խօսքը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, առիթը ընծայելու իրենց ծառայելու Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, որ իրենց համար նաեւ նման է հարազատ ընտանիքի մը, ուր անոնք առիթը ունեցան սորվեցնելու եւ սորվելու, բաժնեկցելու եւ ծառայելու:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ վեր. Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան «Հետուիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

