Քաթալոնիոյ Իշխանութիւնները Հանրաքուէի Պահանջով Փաստաթուղթերու Չորս Տուփ Պիտի Ուղարկեն Մատրիտ
Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ շրջանային կառավարութիւնը Սպանիոյ Սահմանադրական դատարան եւ երկրի կառավարութիւն պիտի ուղարկեն անկախութեան շուրջ 9 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանրաքուէին աջակցող քաթալոնական 900 քաղաքապետարաններու միջնորդութիւնները:
Ընդհանուր առմամբ` հաւաքուած միջնորդութիւններուն մասին վկայող փաստաթղթային չորս տուփ պիտի ուղարկուի Մատրիտ:
CATEGORIES Միջազգային

