Փութին Հրամայած Է Ռուսական Զօրքերը Հեռացնել Ուքրանիոյ Սահմանէն

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած է հեռացնել Ուքրանոյ հետ սահմանին` Ռոսթովի շրջանին մէջ ռազմափորձերու մասնակցած ռուսական զօրքերը, որոնք այժմ պիտի հաստատուին մնայուն տեղակայման վայրերու մէջ:

Փութին այս մասին խօսած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպումին ընթացքին: Վերջինս Փութինին զեկուցած է «ուսուցման ամառնային եղանակի աւարտի մասին»: Խօսքը 17600 զինուորականներու մասին է:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ յառաջիկային Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի «բարդ բանակցութիւններն են` այս շաբաթ Միլանոյի մէջ:

Փորոշենքօ-Փութին Հանդիպումը
Կրնայ Տեղի Ունենալ Միլանոյի Մէջ

Փորոշենքօ եւ Փութին

Փորոշենքօ եւ Փութին

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Փիոթըր Փորոշենքօ եւ Վլատիմիր Փութին կրնան «նորմանտական ձեւաչափով» հանդիպում ունենալ Միլանոյի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Ասիա-Եւրոպա համախմբումը:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով խօսած է Իտալիոյ մէջ համախմբումի վեհաժողովին երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումի կարելիութեան մասին:

Ըստ Ուշաքովի, հանդիպումը կրնայ, այսպէս կոչուած, նորմանտական ձեւաչափով, այսինքն` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մասնակցութեամբ ըլլալ:

Այդպիսի հանդիպում մը տեղի ունեցած էր յունիսին Նորմանտիի մէջ դաշնակից ուժերու ցամաքահանումի 70-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն ընթացքին:

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալ Վալերի Չալին նոյնպէս կարելի նկատած է «նորմանտական ձեւաչափով» հանդիպումը:

Share this Article
CATEGORIES