Էրտողան. «ՏԱՀԵՇ-ի Երեւան Գալուն Պատճառը Ասատն Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիական վարչակարգը պատասխանատու նկատեց ՏԱՀԵՇ-ի երեւան գալուն համար` նշելով. «Սուրիական վարչակարգը օժանդակեց խմբաւորումին իր ներկայ չափին հասնելուն, եւ ամբողջ աշխարհը ասիկա լաւ գիտէ, այսուհանդերձ Թուրքիան կ՛ամբաստանեն այդ խմբաւորումին աջակցելու յանցանքով»:

Ան թրքական ընդդիմութիւնը ամբաստանեց Արաբունարի դէպքերուն լոյսին տակ տեղի ունեցող բռնարարքներուն ճամբով Թուրքիոյ աւերման ու քանդման համար:

Էրտողան Ռիզէ նահանգին մէջ սարքուած ընթրիքի մը ընթացքին շեշտեց, որ երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին շահերուն, ինք չէզոք չի կրնար մնալ: Ան ցաւ յայտնեց արձանագրուած զոհերուն, բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու հրկիզման ու դրամատուներու կողոպուտին համար, «որոնք կատարուեցան ապօրինի խմբաւորումներու կողմէ»:

«Թուրքիա որեւէ օր որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան չէ աջակցած: Ատիկա չի կրնար տեղի ունենալ այն պարզ պատճառով, որ մենք երեսուն տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ կը պայքարինք եւ ՔԱԿ-ի դէմ Թուրքիոյ այդ պատերազմին ընթացքին շուրջ 40 հազար զոհ ունեցանք»:

Էրտողան ՏԱՀԵՇ-ի Հարցով
Կը Հեռաձայնէ Փութինին

Էրտողան եւ Փութին

Էրտողան եւ Փութին

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Էրտողան-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար այս տարուան վերջաւորութեան Թուրքիոյ մէջ երկու նախագահներուն նախատեսուած հանդիպումին լոյսին տակ: Էրտողան Փութինի հետ քննարկած է նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի ստեղծած վտանգները:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան մարզումին համար Թուրքիոյ աջակցութիւնը ստանալու թուրք-ամերիկեան հանդիպումներու շարքին ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու աւագ օգնականներէն Լիզա Մոնաքօ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ:

Սպիտակ տունը նշած է, որ Մոնաքօ ՏԱՀԵՇ-ը տկարացնելու եւ քանդելու համապարփակ ռազմավարութեան ծիրին մէջ թրքական աջակցութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը ընդգծած է, միեւնոյն ատեն գոհունակութիւն յայտնած Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ներկայիս ընթացող ամերիկեան զինուորական գործողութեանց նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES