Իրաքի Մէջ. ՏԱՀԵՇ Կը Տիրէ Անպար Նահանգի Մեծամասնութեան

1012_IraqՀակառակ Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն շղթայազերծած օդային հարուածներուն, ՏԱՀԵՇ իրաքեան բանակին դէմ յաւելեալ ճակատներ բանալէ ետք Իրաքի մէջ իր գրաւած տարածքները կը շարունակէ ընդլայնել, ինչ որ այն մտավախութիւնը կը ստեղծէ, որ խմբաւորման յաջորդ թիրախը կրնայ մայրաքաղաք Պաղտատը ըլլալ:

Ըստ տեղական կառավարութեան, Անպար նահանգին 70 առ հարիւրը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ. Իրաքի արեւմուտքը գտնուող անապատը, որ երկրին տարածքին մէկ երրորդը կը կազմէ, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Անպարի խորհրդարանի նախագահը կը նախատեսէ, որ այդ վտանգը կրնայ երկու շաբաթէն իրականութիւն դառնալ, եթէ դաշնակից ուժերը կամ իրաքեան օդուժը իրենց օդային հարուածները մեղմացնեն:

Անպար նահանգի գրաւումը կը վտանգէ անոր մօտ գտնուող մայրաքաղաք Պաղտատը: Այժմ ՏԱՀԵՇ-ի` Պաղտատի ամէնէն մօտիկը եղող դիրքը Քարմա Ֆալուժան է:

Ըստ գաղտնի սպասարկութեանց նախատեսութեանց, ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ 4000 զինեալներ կը գտնուին Պաղտատի արեւմուտքը գտնուող Ապու Ղրէյպէն եւ Զիտանէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES