ՏԱՀԵՇ Մեծաթիւ Յաւելեալ Ուժեր Կ՛ուղարկէ Արաբունար

1012_KobaneՏԱՀԵՇ մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր ուղարկեց Արաբունար` փորձելով քաղաքը պաշտպանող քիւրտերուն հետ ճակատամարտը վճռել: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ յաւելեալ զինեալներ Արաբունար ուղարկած է Ռաքքայէն եւ Հալէպէն:

Մինչ ՏԱՀԵՇ նոր յարձակումներ շղթայազերծեց, ամերիկեան օդուժին պատկանող օդանաւեր երէկ արշալոյսին հարուածեցին ՏԱՀԵՇ-ի Արաբունարի մէջ գտնուող դիրքերը: Քիւրտերու հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի մարտական ղեկավարներէն Ապու Մոհամետ Ամերիքին, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ աղբիւր մը հերքած է, թէ ՏԱՀԵՇ քաղաքին 40 առ հարիւրը գրաւած է: Անոր զինեալները յարձակում գործած են Թուրքիոյ հետ սահմանային անցքին դէմ, սակայն չեն յաջողած զայն գրաւել:

Միւս կողմէ, ՔԱԿ-ի թիւ 2 ղեկավար Ճեմիլ Պեք սպառնաց Թուրքիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսիլ, եթէ Անգարա շարունակէ Արաբունարի նկատմամբ իր ներկայ քաղաքականութիւնը: Ան նշեց, որ ՔԱԿ Թուրքիա վերադարձուցած է իր այն բոլոր զինեալները, որոնք նախապէս հոնկէ հեռացուցած էր, եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Արաբունարի եւ Թուրքիոյ մէջ ներկայ իրադարձութեանց համար պատասխանատու նկատեց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES