Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Պաքու

Զօր. Սերկէյ Շոյկու
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկու այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ազրպէյճան:
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2015-ի համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրում:
CATEGORIES Միջազգային

