Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, բանակին նկատմամբ զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը պահպանելու նպատակով համագործակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, ֆրանսական նոր զէնքերը Լիբանան պիտի հասնին յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Եոհմոր Շքիֆ գիւղաքաղաքին վերեւ թռիչք գործող օդանաւ մը վար առնուած է Հըզպալլայի կողմէ, աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ այդ օդանաւը կերպընկալէ շինուած օդանաւ մըն է եւ ոչ թէ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւ մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի զինուորները ազատ արձակելու առումով մասնակի լուծումի մը կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ուղղուի ընդունելու իրեն յատկացուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանը զգայուն է եւ քաղաքական բաժանումներ չի հանդուրժեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը երկու տարուան համար նախագահ ընտրելու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի առաջարկը տակաւին քննարկումի շրջագիծին մէջ կը գտնուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը Պաալպեքի մէջ շեշտեց, որ միայն հզօր պետութիւնը ի վիճակի է եւ կարող պաշտպանելու իր երկիրն ու քաղաքացիները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են Թրիփոլիի իրավիճակին մասին տեղեկատուական մարզին կողմէ բացուած լուսարձակներով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ կուսակցական մակարդակի վրայ իրենք չեն զինուիր` աւելցնելով, որ իրենք հիմնականին մէջ համոզուած են լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը մերժելի է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES