Հռոմի Մէջ. «Հանրապետութեան Նախագահ Մը Չընտրելը Ամօթի Կնիք Է Լիբանանեան Խորհրդարանի Ճակտին» Ըսաւ Ռայի Պատրիարքը

Պշարա Ռայի պատրիարքը

Պշարա Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը իր 13-րդ նիստին ընթացքին ալ ձախողած է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

«Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի նախագահական աթոռը հինգ ամիսէ ի վեր թափուր կը մնայ, ասիկա ամօթի կնիք մըն է լիբանանեան խորհրդարանի ճակտին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը իր պարտականութիւնները չի կատարեր եւ յուսախաբութեան մատնած է լիբանանցիները, որոնք իրեն վստահած են նախագահական ընտրութիւնն ու երկրին օրէնսդրական պարտականութիւններուն կատարումը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանին նախաձեռնելու հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի նախագահի մը, որ իր նկարագիրով, պարկեշտութեամբ, չէզոքութեամբ, հոգեկան եւ բարոյական զօրութեամբ եւ Լիբանանի ու անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր նուիրումով կրնայ երկիրը դէպի ապահով ափ առաջնորդել:

Share this Article
CATEGORIES