Քարամէ Կոչ Կ՛ուղղէ Թրիփոլիի Մէջ Արտակարգ Վիճակ Յայտարարելու

1012_KaramiՆախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ քաղաքական իշխանութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ երկրին մէջ տիրող կացութեան առումով:

Ան նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուածը քաղաքական կեցուածքներու երկուութեան հետեւանք է:

Քարամէ ըսաւ, որ խորհրդարանական պլոքներուն միջեւ հակադրութիւններ արձանագրուած են զանազան առիթներով եւ պատճառներով` ընդգծելով, որ Թրիփոլիի համար մշակուած ապահովական ծրագիրը մասնակի գործադրութեան արժանացած է:

Քարամէ հաստատեց, որ իրականութեան մէջ Թրիփոլի այս վիճակին մատնուած է, որովհետեւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ քաղաքական իսկական զօրակցութիւն չկայ եւ բանակը անկարող է շարունակել ապահովական իր ծրագիրին գործադրութիւնը:

Քարամէ հարց տուաւ, որ եթէ բանակը տեղեակ է Թրիփոլիի մէջ գտնուող ահաբեկչական բջիջներէն, ապա ինչո՞ւ ապահովական անհրաժեշտ միջոցառումները չ՛որդեգրեր` շեշտելով, որ Թրիփոլի ահաբեկչութեան զօրակցող քաղաք մը չէ:

Քարամէ կոչ ուղղեց կառավարութեան Թրիփոլիի մէջ արտակարգ վիճակ յայտարարելու` շեշտելով, որ նախարարաց խորհուրդը պէտք է Թրիփոլիի յատկացուած յատուկ նիստ մը գումարէ եւ քաղաքական յստակ զօրակցութիւն յայտնէ բանակին, որպէսզի ան կարենայ Թրիփոլին վտանգներէ պաշտպանել: «Այս է Թրիփոլիի իրաւունքը եւ Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաքին նկատմամբ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնը», եզրափակեց ան:

Share this Article
CATEGORIES