Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակման Հարցով Զբաղող Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

1011_SalamՎարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան զինուորները ազատ արձակելու մանրամասնութիւնները:

Այս առումով հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի կացութիւնը եւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու գծով արձանագրուած բոլոր զարգացումները քննարկուած են` պետութեան կատարած անուղղակի բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբը կարգ մը որոշումներ տուած է որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնք ամէն իմաստով այդ թղթածրարին լուծումը կ՛ապահովեն:

Նշենք, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները կը շարունակեն Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրենց սկսած բաց նստացոյցը եւ լուռ կը մնան իրենց հարազատները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն առնչութեամբ. անոնք շեշտեցին, որ մօտիկ ապագային յաւելեալ մագլցողական քայլերու պիտի չդիմեն:

 

Share this Article
CATEGORIES