Արսլան Խստիւ Դատապարտեց Բանակը Թիրախ Դարձնելու Փորձերը` Յատկապէս Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ

1012_ArslanԼիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու փորձերը, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Ան շեշտեց, որ բանակին կամքը հարուածելու եւ զայն շանթաժի ենթարկելու այս փորձերը իրենց նպատակին պիտի չհասնին` աւելցնելով, որ պէտք է զօրակցիլ բանակին եւ Դիմադրութեան` Լիբանանը պաշտպանելու համար հաւատադրժողական եւ իսրայէլեան ահաբեկչութիւններէն:

Արսլան քննադատեց նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը կասեցնելու առումով Ուաշինկթընի արագ միջամտութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց ոմանց վերադառնալու իրենց հասունութեան ու գիտակցութեան եւ չհարուածելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES