Յուշատետր. Օրուան Տարեդարձը

Ռ. Հ.

Պարբերաբար կինս կը յիշեցնէ.

– Վաղը մեր տղուն տարեդարձն է:
– Վաղը մեր հարսին տարեդարձն է:
– Վաղը մեր թոռնիկին տարեդարձն է:

Ասոնք ուրախ օրեր են ընտանիքին համար եւ, փա՜ռք Աստուծոյ, ունինք այդ օրերը: Մեր որդիներուն, մեր հարսերուն, մեր թոռնիկներուն տարեդարձներն են անոնք, եւ անոնք են, որ մեր ընտանիքին անդամները երջանկօրէն քով քովի կը բերեն, անո՛նք են, որ մեզի կը յիշեցնեն մեր միասնութիւնը, անո՛նք են, որ մեզի կը յիշեցնեն նաեւ մեր անհետացած ծնողները, մեր մայրերն ու հայրերը, որոնք հիմա մեզի հետ չեն այլեւս, եւ որոնցմէ սակայն բան կը յամենայ այն ամէն մէկուն մէջ, որուն տարեդարձը կը տօնենք` աւանդական կարկանդակէն շերտ մը կտրելով ու մոմերուն վրայ փչելով:

Տարեդարձի օրեր ունինք, փա՜ռք Աստուծոյ, բայց ամէն օր տարեդարձ մը ունի՞նք: Օրերը ունի՞ն իրենց տարեդարձները` մեր ընտանիքի անդամներուն տարեդարձներէն անկախ, մեր ազգականներուն ու մեր բարեկամներուն տարեդարձներէն անկախ:

Հիմա քանի մը հեռատեսիլի կայաններ, իրիկնային լուրերէն առաջ, կամ` իրիկնային լուրերէն վերջ, սկսած են յիշեցնել քանի մը տարեդարձներ, որոնք այդ օրուան յատուկ տարեդարձներ են: Ասկէ տասը տարի առաջ այսօր մեռաւ սա նշանաւոր գրագէտը, ասկէ քսան հինգ տարի առաջ այսօր պայթեցաւ այնինչ պատերազմը, տասնվեց տարի առաջ այսօր պայթեցաւ  այնինչ պատերազմը, տասնվեց տարի առաջ այսօր աշխարհ եկաւ սա նշանաւոր երաժիշտը: Չորս կամ հինգ տարեդարձներ, որոնք ընտրուած են հազարաւոր տասնեակ հազարաւոր տարեդարձներու մէջէն: Անցեալի անհամար տարիներու ընթացքին այսօր, ո՜վ գիտէ, որքա՜ն յատկանշական ու բախտորոշ իրադարձութիւններ պատահած են, ո՜վ գիտէ, անցեալ տարիներու ընթացքին ճիշդ այսօր ի՛նչ բախտորոշ  դէպքեր իրենց դրոշմը թողած են մեր կեանքին ու մեր օրացոյցներուն վրայ: Հեռատեսիլի կայանները անոնցմէ հազիւ չորս կամ հինգ կը յիշեն` անտես առնելով միւս հազարաւորները: Բայց այդ չորսը կամ հինգն ալ կը բաւեն, որպէսզի մեր սրտին մէջ բան մը խաղցնեն, եթէ մենք քսան տարեկան չենք այլեւս: Հեռատեսիլի կայանները լա՞ւ կ՛ընեն այդ տարեդարձները մեզի յիշեցնելով, լաւ չե՞ն ըներ, մեր մէջ տխրութիւ՞ն մը կը յառաջացնեն, մեզ կ՛առաջնորդեն մելամաղձոտ մտածումներո՞ւ:

Մեծ երգահան մը քսան հինգ տարի առաջ մեռեր է այսօր, կարեւոր քաղաքագէտ մը քառասունհինգ տարի առաջ յեղափոխութիւն մը պայթեցուցեր է այսօր, այսինչ նշանաւոր օփերան առաջին անգամ բեմադրուեր է ութսուն տարի առաջ այսօր, եւ այսպիսի ինչե՜ր: Մենք այս տարեդարձները տօնելու համար ընտանիքի անդամներուն հետ քով քովի չենք գար, կարկանդակներ չենք կտրեր, մոմեր չենք վառեր, բայց անոնք ալ տարեդարձներ են եւ մեզի մտածել կու տայն, թէ օրացոյցին իւրաքանչիւր օրը ունի անցեալի մէջ մնացած իր օրհնեալ կամ անիծեալ օրերու տարեդարձները: Ընկերային կեանքէ վերցուած այս տարեդարձները տարբեր են անտարակոյս մեր ընտանիքի անդամներուն ու մեր բարեկամներուն տարեդարձներէն: Մեր սեփական տարեդարձները կը յուզեն մեզ, ուրախութեան ալիքներ կը յառաջացնեն մեր մէջ, եթէ ուրախ իրադարձութիւններու տարեդարձներ են, երբեմն կը նշենք նաեւ տխուր իրադարձութիւններու տարեդարձներ, կամ տարելիցներ, որոնք պահ մը տխրութիւն կը պատճառեն մեզի: Մինչդեռ հանրային կեանքի տարեդարձներուն նկատմամբ կրնանք անզգամ մնալ: Ո՛չ կ՛ուրախանանք, ո՛չ ալ կը տառապինք: Պարզապէս կը մտածենք, կը թաղուինք խորհրդածութիւններու մէջ, այդ տարեդարձներէն մեկնելով` կը փնտռենք, թէ մենք հիմա ո՛ւր հասած ենք, ո՛ր կէտին վրայ կը գտնուինք մեր կեանքի սա օրերուն:

Բայց երբեմն պէտք է մտածել, որ առանց հանրային կեանքէն վերցուած տարեդարձներու ալ մենք ամէն օր ունինք մեր սեփական կեանքէն վերցուած իրադարձութեանա մը տարեդարձը: Անցեալ տարի այսօր ի՞նչ ըրած էինք, հինգ տարի առաջ այսօր ի՞նչ ըրած էինք, տասնվեց տարի առաջ այսօր ի՞նչ ըրած էինք: Եթէ քսան տարի առաջ այսօր ի՞նչ ըրած էինք: Եթէ քսան տարի առաջ այսօր ես նոր գործի մը ձեռնարկած էի, ատիկա ալ այնքան կարեւոր տարեդարձ մը չէ՞ր, որքան հարազատներէս մէկուն ծննդեան տարեդարձը: Եթէ քառասուն տարի առաջ այսօր ամուսնացած էի, կամ զաւակ մը ունեցած էի, կամ զաւակ մը ամուսնացուցած էի, կամ գիրք մը գրած էի, կամ առաջին անգամ Եւրոպա ճամբորդած էի, կամ չարաշուք արկած մը անցուցած էի, կամ ծանր հիւանդութեամբ մը հիւանդանոմց պառկած էի, կամ նոր ինքնաշարժ մը գնած էի, կամ համալսարանը աւարտած էի, կամ սիրելի ընկեր մը կորսնցուցած էի, ասիկա կարեւոր տարեդարձ մը չէ՞ր ինծի համար:

Թերեւս մոռցած ենք մեր կեանքի այդ կարեւոր կամ անկարեւոր իրադարձութիւններուն թուականները եւ այդ պատճառով ալ չենք յիշեց անոնց տարեդարձները: Բայց, մենք յիշենք կամ չյիշենք, մեր օրերը ունին այդ տարեդարձները, եւ թէ` անոնք ամէն տարի կը կրկնեն այդ տարեդարձները, որովհետեւ դէպքերը մէկ անգամ միայն կը պատահին, բայց անոնց տարեդարձները յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կը տօնուին կամ կը մոռցուին քսան անգամ, երեսուն անգամ, քառասուն անգամ: Եւ մենք, մանաւանդ եթէ յառաջացեալ տարիք մըն ալ ունինք, ո՛վ գիտէ, ամէն օր քանի տարեդարձի վրայէն կ՛անցնինք, առանց որ անդրադառնանք:

Վերը կա՞յ մէկը, որ հաշիւը բռնէ մեր այդ տարեդարձներուն:

Share this Article
CATEGORIES