50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1964)
Ներքին Կեանք
Պրիսթոլի Ճաշկերոյթէն Ետք.
Մեծամասնութիւնը Կը Պահէ Իր Միութիւնը
Սկզբունքային Համաձայնութիւն
Սապրի Համատէի Թեկնածութեան Շուրջ
Մեծամասնութեան խմբակներուն պատկանող 50 երեսփոխաններ պատասխանած էին Օսման Տանայի ճաշի հրաւէրին` «Օթէլ Պրիսթոլ»-ի մէջ: Այս ճաշկերոյթի ընթացքին սկզբունքային համաձայնութիւն մը կը թուի գոյացած ըլլալ Սապրի Համատէի թեկնածութեան շուրջ` խորհրդարանի նախագահութեան համար:
Մեծամասնութիւնը ուրբաթ օր Ընդհանուր ժողով պիտի գումարէ` պաշտօնապէս ընդունելու եւ յայտարարելու համար այս թեկնածութիւնը:
Մեծամասնութեան պատկանող հետեւեալ երեսփոխանները բացակայ էին երէկ. Ֆուատ Պութրոս, Սուրէն Խանամիրեան, Անտրէ Թապուրեան, Ալի Արապ, Ռիւշտի Ֆախր, Շէպլի Արիան, Մանուէլ Եունէս, տոքթ. Էլիաս Խուրի եւ տոքթ. Ազիզ Աուն: Ոմանք չէին կրցած գալ առողջական պատճառներով, ուրիշներ ճամբորդութեան մէջ են, ինչպէս` Արապ, Խանամիրեան եւ Թապուրեան, որոնք պիտի վերադառնան խորհրդարանի նախագահին ընտրութեան համար:
Ճաշէն ետք, Օսման Տանա խօսք առաւ` կոչ ուղղելով միութեան եւ սերտակցութեան: «Մեծամասնութիւնը,- ըսաւ Օ. Տանա,- շնորհիւ իր միութեան, մինչեւ հիմա յաջողեցաւ իր բոլոր ձեռնարկներուն մէջ եւ կը յուսանք, որ յաղթանակ մը պիտի տանի նաեւ յառաջիկայ երեքշաբթի, պարտադրելով իր թեկնածուն խորհրդարանի նախագահութեան»:
Սապրի Համատէ, Մոհամմէտ Սաֆիէտտին եւ Ռէշիտ Պէյտուն յաջորդաբար խօսք առին եւ յայտնեցին, թէ տրամադիր են ենթարկուելու մեծամասնութեան որոշման եւ քաշուելու, եթէ մեծամասնութիւնը իրենցմէ մէկուն ի նպաստ որոշում տայ:
Էմիր Ապտէլ Ազիզ Շեհապ վերջին պահուն խօսք առաւ եւ յայտարարեց, թէ մեծամասնականները իրենց Ընդհանուր ժողովը պիտի գումարեն ուրբաթ իրիկուն ժամը 7:00-ին, Անթուան Սեհնաուիի բնակարանին մէջ:
Ուստի, կը թուի թէ մեծամասնութիւնը կրցաւ յաջողութեամբ անցնիլ խորհրդարանի նախագահութեան ընտրութեան հանգրուանը:
Քամէլ Ասատի Գործունէութիւնը
Իր կարգին, Քամէլ Ասատ երէկ սահմանափակեց իր խորհրդակցութիւնները` տեսակցելով փոքրամասնութեան ղեկավարներուն հետ: Երկարօրէն տեսակցեցաւ Ալէյի խմբակին պետ էմիր Մէճիտ Արսլանի հետ, ապա հանդիպում մը ունեցաւ Ժորժ Քարամի, Էտուար Հընէյնի, Նուհատ Պուէզի եւ Մահմուտ Ամմարի հետ:
Այս առիթով, դիտողները նկատեցին, թէ Քամէլ Ասատի շրջապատը անհաճոյ անակնկալի մը եկած է` իմանալով 50 երեսփոխաններու ներկայութիւնը Օսման Տանայի հրաւիրած ճաշկերոյթին: Մանաւանդ որ Քուրայի երկու երեսփոխանները` Ֆիլիփ Պուլոս եւ Ֆուատ Ղոսն այնպէս ցոյց կու տային, որ պոյքոթի պիտի ենթարկեն «Պրիսթոլ»-ի ճաշկերոյթը:
Նախագահը Կը Մերժէ Միջամտել
Իրերու այս կացութեան մասին, ընդդիմադիր խմբակի կարգ մը երեսփոխաններ ուզեցին ունկնդրութիւն մը հայցել Հանրապետութեան նախագահէն` պարզելու համար իրենց տեսակէտը խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան մասին: Այդ երեսփոխաններուն մէջ են Ժորժ Քարամ եւ Ժան Հարպ, որոնք Հանրապետութեան նախագահէն խնդրած են միջամտել, ընդհանուր շահուն համար:
Հանրապետութեան նախագահը անոնց կրկնած է ինչ որ ըսած էր բազմիցս, մասնաւորաբար Քամէլ Ասատի, թէ բացարձակապէս չէզոք է եւ կը մերժէ խորհրդարանի գործերուն խառնուիլ:
Սապրի Համատէի ընտրութիւնը գրեթէ ապահովուած ըլլալով, ի՞նչ պիտի ըլլան քաղաքական հետեւանքները:
Երկու ենթադրութիւններ կ՛ըլլան:
– Ընդդիմադիրները, մասնաւորաբար Ազգային ազատական կուսակցութեան եւ Ազգային պլոքի «ծայրայեղականները» պիտի փորձեն շահագործել Քամէլ Ասատի պարտութիւնը, խորհրդարանի նախագահը եւ անոր խմբակը մտցնելու համար ծայրայեղ ընդդիմադրութեան ճամբուն մէջ, այն յոյսով, թէ այդպիսով կրնան առաջ բերել խորհրդարանի լուծումը:
– Մեծամասնութիւնը այժմէն իսկ նախատեսած է այս պարագան եւ կազմած է իր ծրագիրը` խանգարելու համար ընդդիմադրութեան հաշիւները: Ըստ այդ ծրագրին, յաջորդ կառավարութիւնը պիտի կազմուի փոքրամասնութեան եւ մեծամասնութեան չափաւոր տարրերով: Վեց աթոռ փոքրամասնականներուն, ութ աթոռ մեծամասնականներուն: Այդ պարագային, վարչապետութիւնը պիտի յանձնուի Հիւսէյն Ուէյնիի:
Ամուսնութիւնները
Խորհրդային Դրախտին Մէջ
Վեց Ամսուան Կեանք Ունին
Խորհրդային Միութեան Համայնավար երիտասարդներու միութիւնը վերջերս հրատարակած է պաշտօնական տեղեկագիր մը, ուր բիրտ անկեղծութեամբ կը ներկայացնէ խորհրդային երիտասարդ քաղաքացիներու սիրային կեանքը: Խորհրդային Միութեան մէջ ամուսնալուծուող այրերու հարիւրին քառասունը 30 տարեկանէն վար են: Մոսկուացի դատաւոր մը տեղեկագիրը պատրաստող յանձնախումբին յայտնած է, թէ իր ձեռքէն անցած 500 ամուսնալուծման պարագաներու մօտաւորապէս մէկ երրորդը դատավարութենէն հազիւ երեք ամիս առաջ ամուսնացած զոյգեր էին:
Երիտասարդներու միութեան յանձնախումբը պաշտօնական թիւերով չգոհանալով` քննած է մօտաւորապէս տասներկու հազար այրերու, կիներու եւ անոնց բարեկամ զոյգերու սիրային կեանքը:
Այս քննութենէն ի յայտ եկած է, որ`
1) Բազմաթիւ ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ, դեռ առաջին ռուբլին չշահած, կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան իրենց առաջին զաւակը:
2) Խորհրդային Միութեան եւրոպական մասին մէջ իսկ, մինչեւ Ուրալները, շատ մը ամուսնութիւններ կ՛որոշուին ծնողներու կողմէ` առանց անմիջականօրէն շահագրգռուողներու կարծիքը առնելու: Եւ պարտադրուած այս ամուսնութեանց արդիւնքները ժխտական են:
3) Մոսկուայի եւ ռուսական բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ շատ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ միմիայն իրենց առանձին տունը ունենալու եւ այլեւս իրենց ծնողքին հետ նոյն յարկին տակ չապրելու համար կ՛որոշեն ամուսնանալ` առանց բաւարար չափով զիրար ճանչնալու:
4) Շատ մեծ թիւով երիտասարդներ կ՛ամուսնանան, որովհետեւ կանխաւ վստահ են, որ եթէ իրարու հետ ապրիլ չկարենան, շատ դիւրաւ կրնան ամուսնալուծուիլ:
5) Ամուսնութեան համար մարմնական ու բարոյական ոչ մէկ նախապատրաստութիւն կայ: Շատ մը երիտասարդուհիներ առանց վարանելու կ՛ըսեն. «Ամուսինիս ճաշարան երթալ պիտի սորվեցնեմ»:
Յանձնախումբին կատարած քննութեանց ընդհանուր հաստատումը եղած է այն, թէ Խ. Միութեան մէջ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ամուսնութեան կը նային աներեւակայելի թեթեւութեամբ եւ թեթեւամտութեամբ:
Մոսկուայի դատաւորները յայտնած են, որ Խորհրդային Միութեան մէջ ամուսնութեան տեւողութիւնը շատ կարճ է: Երեք-չորս կամ վեց ամիսը բաւական է ամուսնալուծման յանգելու համար:
ԹՐԳՄ. ՎԷՆ

