Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շուկայի գործերը պիտի զբաղեցնեն ձեզ, քիչ մը պիտի յոգնիք փնտռելու համար ձեր ուզածը: Աւելորդ հարցերով մի՛ աւարտէք օրը, իրապաշտ եղէք, կը շահիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը ունի օրինական հարցերը դասաւորելու պահանջ: Եթէ պետութեան վճարումներ ունիք կամ դատական որեւէ հարց, պիտի կատարէք եւ ուրախանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկար ժամանակի մը վրայ կատարուած աշխատանք մը պիտի աւարտէք յաջողութեամբ: Ծանր բեռ մը ձեր ուսերէն վար պիտի դնէք եւ գոհունակութիւն զգաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի սպասէք, որ ուրիշ մը ձեզ հրաւիրէ որոշ տեղ մը երթալու միասին: Եթէ ձեր հրաւէրը ուշանայ, դուք հետաքրքրուեցէք շփոթը փարատելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերովի ճամբորդութիւն մը կամ միասնաբար գործ մը պիտի կատարէք: Անկեղծութեամբ մօտեցէք ձեր աշխատանքին: Ամէն ինչ դիմացինէն մի սպասէք, պատրաստակամ եղէք, կը սիրուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրերը պիտի ընթանան ձեր որոշած ձեւով: Ուրիշին կարծիքին պէտք չունիք, արդէն ձեր գործերը մտած են իրենց հունը, շարունակեցէք նոյն սիրով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ աճապարէք որոշուած հարցը օր առաջ դասաւորելու: Կրնաք համբերութեամբ լաւագոյնը ունենալ: Աճապարանքով կատարուած գործը թերի կ՛ըլլայ, հետեւաբար խոհեմ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերովի ճամբայ պիտի ելլէք, այս պարագային պիտի կարենաք լաւ ճանչնալ ձեր ընկերակիցը, որուն նկարագիրին մէկ երեսը պտի տեսնէք, ինչ որ անհաճոյ պիտի թուի ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինքնաճանաչումը շատ կարեւոր է ընկերութեան եւ խմբական աշխատանքին մէջ: Ցուցադրական աւելորդ տրամադրութիւն ցոյց մի տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի լսէք վերջապէս երկար ատենէ ի վեր ձեր սպասած լուրը, որ յաջողութեան մը կը վերաբերի: Պիտի ուրախանաք, որ ձեր աշխատանքը զուր չէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք բազմաթիւ ծրագիրներ եւ կ՛ուզէք, որ բոլորը միատեղ իրագործուին: Համբերատար եղէք: Աստիճանները մէկ-մէկ կը բարձրանան, որ չսայթաքիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրուան ձեր որոշումները եթէ փոփոխութիւններու կը կարօտին, առանց դժկամակելու կատարեցէք այդ փոփոխութիւնը, որ ձեռնտու է ձեր հաշուոյն:

