Լուրեր Կաթողիկոսարանէն
Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Համալսարանէն
Կը Ստանայ Պատուոյ Դոկտորա
Երկուշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս` ընդառաջելով Աթէնքի համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, դասախօսութիւն մը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան մասին:
Համալսարանի նախագահը խօսք առնելով ներկայացուց վեհափառ հայրապետին կենսագրութիւնը: Ան նշեց բոլոր համալսարանները եւ վկայականները (մագիստրոս Աստուածաբանութեան, ծայրագոյն մագիստրոս Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան եւ դոկտոր փիլիսոփայութեան), զորս կաթողիկոսը ստացած է:
Ապա, համալսարանի տնօրէնը` ներկայացնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին գործունէութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ, մէջբերումներ կատարեց կաթողիկոսին աշխատասիրութիւններէն եւ զինք ներկայացուց որպէս ներկայ ժամանակներու աչքառու աստուածաբան, միջեկեղեցական ու միջկրօնական երկխօսութեան ռահվիրայ եւ միջազգային առումով կրօնական դէմք: Մեկնելով այս իրողութենէն տնօրէնը ըսաւ, թէ համալսարանի վերին իշխանութիւնը որոշած է վեհափառին շնորհել Աթէնքի համալսարանի պատուոյ դոկտորայի տիտղոս, եզակի տիտղոս մը, որ բացառիկ կարողութիւններու տէր անձերու կը շնորհուի, շեշտեց տնօրէնը: Արտասանուած խօսքերէն ետք կարդացուեցաւ պատուոյ դոկտորայի տուչութեան պաշտօնագիրը:
Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուեցաւ դասախօսութիւն տալու: Ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապը, ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները պէտք չէ դիտողի դերին մէջ ըլլան, այլ պէտք է մասնակից դառնան այն բոլոր աշխատանքներուն, որոնց նպատակը ժողովրդավարական կարգերու հաստատումն է: Իր խօսքին երկրորդ բաժնին մէջ, ան մատնանշեց այն կէտերը, որոնք պէտք է ստանան առաջնահերթութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ Յունաստանի դերակատարութեան, յարաբերաբար Միջին Արեւելքին ու յատկապէս շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն:
Վարդան Մելքոնեան Կը Նուիրէ
Արխիւային Արժէք Ունեցող Նկարներ
Երկուշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին որբ Վարդան Մելքոնեանի, որ եկած էր Լոնտոնէն` կաթողիկոսին յանձնելու Դանիայէն եւ այլ երկիրներէ իր ձեռք ձգած որբերու նկարները, առնչուած յատկապէս «Թռչնոց բոյն»-ի ներքին կեանքին:
Յայտնենք, որ Վարդան Մելքոնեան երկար տարիներէ ի վեր Լոնտոնի արքայական սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարն է եւ յաճախակի առիթներով կ’անդրադառնայ իր կեանքին` որպէս «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին որբերէն մէկը, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան:
100-ամեակի առիթով ան որոշած է իր դստեր հետ նախաձեռնել քայլարշաւի մը` սկսելով Կիլիկիայէն, այս ձեւով յիշելու համար իր ծնողները, որոնք զոհ գացած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ յիշեցնելու իր շրջապատին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Դպրեվանքի Վերամուտ
Կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտը մատուցուած Ս. պատարագէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս միաբանութեան, դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտութեան, ծնողներուն ու ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, պաշտօնական բացումը կատարեց դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով սփիւռքացած մեր գաղութներու կեանքին մէջ, դպրեվանքը իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ ու այսօր կը շարունակէ ունենալ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը առաքելութիւն է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ծառայութիւն է. դպրեվանքը այդ առաքելութեան ու ծառայութեան նոր արիւն կը ներարկէ: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 85-ամեայ դպրեվանքը իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ»:
Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով մեր իրականութեան մէջ տիրող մարդուժի կարիքներուն, ըսաւ. «Ամէնուրեք կարիքը ունինք հոգեւորականի, ուսուցիչի, մտաւորականի, խմբագիրներու եւ տակաւին շարքը կարելի է երկարել: Ահաւասիկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը ա՛յս ծառայութեան լծուած է: Մեզի համար քանակը ո՛չ մէկ արժէք ունի, մենք ամենայն բծախնդրութեամբ ու աչալրջութեամբ, գլխագիր մարդ, հաւատաւոր քրիստոնեայ եւ մշակոյթի հաւատարիմ սերունդներու կերտման առաքելութեան հետամուտ ենք»:
Ապա, վեհափառ հայրապետը գնահատեց դպրեվանքի տեսչութեան անդամները տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, հսկիչներ` Շնորհք աբղյ. Աշըգեան եւ Գարեգին աբղյ. Շխրտմեան, որոնք մեծ եռանդով սկսած են այս տարուան աշխատանքներուն: Ան նաեւ դրուատեց դպրեվանքի ուսուցիչները, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը կը բերեն մարդակերտումի ու հայակերտումի այս առաքելութեան:
Աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը: Քարոզի ընթացքին տեսուչ հայր սուրբը խօսելով ուսանողներուն մասին ըսաւ. «Ահաւասիկ Սուրբ Աստուածածին վանքին 60 բանաւոր գառները, որոնք Սուրբ Աստուածածին վանքին դալար արօտավայրերուն մէջ իմացապէս պիտի լեցուին, հոգեպէս ծաղկազարդուին եւ ֆիզիքապէս աճին: 60 ուսանողներ, որոնց համար մենք աղօթող եւ աշխատող ենք, որպէսզի անոնք դառնան 60 կիլիկեան ասպետներ, որոնք իրենց ձեռքին խաչ ու գրիչ բռնած, իրենց վեհանձն նկարագիրով ծառայութիւն բերեն հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ ազգի անդաստաններուն մէջ»:
Յայտնենք, որ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց այդ օրերուն Լիբանան գտնուող Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց դպրաց դաս երգչախումբ»-ը` ղեկավարութեամբ Ատրուշան սրկ. Հալաճեանի:

