Նոր Գիրքեր. Մարդը Ժամանակին Հետ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

CCF10142014Նոր լոյս տեսաւ Յակոբ Պալեանի «Մարդը ժամանակին հետ» գիրքը, որ կը բովանդակէ պատմուածքներ, տպաւորութիւններ, ակնարկներ: Այս առիթով, իբրեւ ընթերցող, կ՛ուզենք ներկայացնել մեր տպաւորութիւնը: Սփիւռքահայ այս գրողը իր յարաճուն գրականութեամբ ներկայութիւն է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ուր տպուած է այս հատորը 2014-ին:

Յ. Պալեան 40 տարիներէ ի վեր կ՛ապրի Փարիզ, ուր իր ներդրումը կատարած է կրթական, գրական, հասարակական կեանքին մէջ: Եղած է կրթական մշակ, Փարիզի հայկական ձայնասփիւռի վարիչ, հրապարակախօս: Ան իր ձեռքէն երբեք վար չէ դրած գրիչը` ստորագրելով բազմաբնոյթ յօդուածներ, խոհեր եւ երբեմն ալ` երգիծական էջեր: Ան լոյս ընծայած է 15 հատորներ. պատմուածքներ, վէպեր, տպաւորապաշտ էջեր եւ բանաստեղծութիւն: Անմիջապէս ըսենք, որ Յ. Պալեանի գրականութիւնը ինքնին բանաստեղծութիւն կը շնչէ` ներշնչելով ընթերցողը:

Յ. Պալեան ողն ու ծուծով հայ գրագէտ է` կազմաւորուած արեւմտեան մշակոյթով: Իր գրականութիւնը հարուստ է այնպիսի էջերով, ուր կը հաղորդակցինք եւրոպական, մասնաւորաբար ֆրանսական գրականութեան որակաւոր դիմանկարին:

«Մարդը ժամանակին հետ» հատորը էապէս համամարդկայն երանգ ունի: Մասնաւորաբար կինը հետաքրքրած է զինք` իբրեւ աստուածային գեղեցիկ ստեղծագործութիւն, որուն ֆիզիքական շնորհներուն կը միանայ հոգեմտաւոր արժէքները կին արարածին: Այս երեւոյթը կը հաստատենք մասնաւորաբար կարդալով «Պէաթրիքս Կռունտը, որ blue-green աչքեր ունէր», «Փուաթիէի աղջիկը», «Անաւարտ սիրոյ մը պատմութիւն», «Սէրը սխալէն անդին» պատմուածքները:

Հեղինակը ունի երկար շունչ` դէպքերը մանրամասնելու ներգործութիւն, համարձակ եւ անկեղծ արտայայտութիւններ` առանց ծածկամտութեան: Հետաքրքրաշարժ են իր թեմաները: Երրորդ դէմքով ստեղծուած տիպարները անձնադրոշմ են ընդհանրապէս, ինչ որ հետաքրքրական կը դարձնեն դիպաշարերու գեղեցկութիւնը, զոր կը վայելէ ընթերցողը:

Համամարդկային գրականութիւն մըն է այս, որուն ստեղծումին վկան են հեղինակին յարաշարժ ճամբորդութիւնները: Յաւերժական երիտասարդ մըն է Յ. Պալեան, որ ունի գաղտնիքը հետաքրքրութիւն ստեղծելու իր շուրջը` մարդկայնօրէն եւ մասամբ նորին:

Յ. Պալեանի գրականութիւնը ընթերցողին աչքերուն կը ներկայացնէ գեղեցիկ եւ հարուստ բնանկարներ: Բնութեան յարափոփոխ վիճակները կը ներշնչեն զինք` ստեղծագործելու հիացում առթող էջեր: Հայ գիրին եւ մշակոյթին հանդէպ իր ունեցած ջերմ զգայնութիւնը կ՛արտայայտէ «Նաւապտոյտի օրագիր» տպաւորապաշտ պատմուածքը, ուր կ՛ապրի հիասթափութիւն մը` ի տես զինք շրջապատած կանացի շարժումներուն: Հոս երեւան կու գայ քննադատ Պալեանը` ի տես վրիպումներու, ցուցամոլական շուայտութիւններու: Պրպտող միտք, տեսնող աչք, լռութեան մէջ ձայներ որսացող հոգեխառնութեան մարմնացումն է ան:

Աշխարհներ տեսած գրագէտն է Յ. Պալեան, համաշխարհայինին խմորով շաղուած տիպար մը, որուն համար հայութեան կիզակէտն է հայ ապրելու պատգամը:

Շնորհակալութիւն` Յ. Պալեանին, ընթերցասէրին ընծայած իր այս հատորին համար. երանի թէ հայ ընթերցողը անդրադառնար իր անտարբերութեան հայ գիրքին հանդէպ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )