Ոտքի Ե՛լ, Ո՜վ Մարդկութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կուրտել

Կուրտել

Մեր ընթերցողներէն շատեր տեսած են: Նախ համացանցի, ապա հեռուստակայաններու միջոցով համայն աշխարհին սփռուեցաւ այն լուսանկարը, ուր կ՛երեւէին գերեվարուած ծնրադիր ֆրանսացի մը եւ անոր կողքին կանգնած ԻՊ-ի («Իսլամական պետութիւն») դահիճը: Այս անգամ լրատուութիւնը կու գար Ալճերիայէն. այս երկրին մէջ խարսխուած իսլամական կազմակերպութիւն մը հպատակած էր ԻՊ-ին եւ արարքով կ՛ապացուցէր իր հաւատարմութիւնը եւ վճռակամութիւնը: Արդեօք դեռ քանի՞ երկիրներու մէջ կան ու կը գործեն նման մտայնութեամբ օժտուած իսլամական խումբեր: Եթէ նկատի ունենաք ԻՊ-ի նկատմամբ համակրանքը, արդեօք մեր երկիրը` Թուրքիա, ի՞նչ ներուժ կ՛ունենայ նման ոճրագործներ արտադրելու համար: Զարմանալի է, բայց նման հարցում տակաւին ունի իրարու հակասող երկու պատասխաններ:

Քրտուհիներ

Քրտուհիներ

Իրաւացի պատասխանը արդէն շատ յստակ է: Բայց կայ նաեւ խաբկանքին ապաւինողներու միամիտ պատասխանը: «Ո՛չ» պիտի ըսեն անոնք: «Ո՛չ, մեր երկրին մէջ նման բան չի պատահիր»:

Իսկ որքանո՞վ կարելի է մեղադրել այս միամիտ պատասխանին դիմողները: Պէտք է հասկնալ, որ նախ եւ առաջ սարսափն ու վախն են, որոնք զիրենք այսպէս անփոյթ կը դարձնեն: Ապա կայ ամբողջ երկիրը սուտի ու խաբկանքի մատնող հսկայ քարոզչամեքենան: Թուրքիոյ օրաթերթերը եւ հեռուստակայանները կը փորձեն արար աշխարհին տեսածը շրջել: Անշուշտ, եթէ կարելի ըլլայ, նախագահ Էրտողան պիտի փորձէ «Նիւ Եորք Թայմզ» կամ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթերն ալ կարգի բերել: Թէեւ սա պահուս կարելի չէ, բայց Թուրքիոյ պետական մտածելակերպով ամէն ինչ գին մը, ամէն ինչ փոխարժէք մը ունի: Կաշառքով կամ սպառնալիքով կարելի է ապացուցել, թէ իրաւունքը զօրաւորին է:

Իսկ անդին, կայ «Արշաւէ՛ Ուոլ Սթրիթ» կարգախօսով ներկայացող եւ «Մենք 99 տոկոս ենք» յայտարարող կշիռքին միւս նժարը:

Վալերի Թորանեան

Վալերի Թորանեան

Եթէ շատեր կը շփոթեն ու կասկածով կը մօտենան Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող եւ մեծ ընդունելութիւն գտած կնոջական «Էլ» պարբերականի հրատարակութեան տնօրէն Վալերի Թորանեանի` ԻՊ-ի դէմ պատերազմող քիւրտ կիներուն ուղղուած խօսքերուն: «Սուրիոյ Իրաքի սահմանին վրայ գտնուող ժողովուրդի ինքնապաշտպանման միաւորումներու 40 տոկոսը կիները կը կազմեն: Այս զինեալ կիները «ժիհատ»-ականներու դէմ պայքարին մէջ լոկ զինուորական գոյութիւն մը չեն. անոնք յետպատերազմեան շրջանին ալ իրենց իրաւունքները ապահովելու ուղղուած օրինականութիւն մը կը զարգացնեն: Գոնէ այդ յոյսը կը գոյացնեն: Նախագահ Օպամա եւ Հոլանտ սատարելու են իրաքեան դիմադրութեան, բայց` սուրիականի՛ն ալ: Անոնք արժանի են ժողովրդավարականներու կրկնակի օժանդակութեան: Քանզի անոնք բարբարոսութեան դէմ հերոսաբար կը պայքարին: Քանզի անոնք կիներու պատմութեան մէջ ցարդ չարձանագրուածին համար գլուխ կը ցցեն: Եւ համաշխարհային ազատատենչ պայքարը ահա՛ հիմա կը ծագի: Համայն աշխարհի պատուոյ խնդիրն է` զանոնք չմոռնալ: Երբե՛ք պիտի չդադրի կիներու երթը»:

Վալերի Թորանեան այս տողերով աւարտած իր խմբագրականին տակ կ՛աւելցնէ 13 տարուան ծառայութենէ ետք` «Էլ» պարբերականէն հրաժարումը: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է հանրային հեռուստաեթերով տեսնել Երեւանի փողոցներուն վրայ Շենկալի զօրակցութեան համար աշխատող հայ երիտասարդութիւնը: Ինչ լաւ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ կը հաստատեն «Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդը չի կրնար անտեսել այլ ցեղասպանութիւններ» համոզումը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )