Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պայտընի Կատարած… Տեղին Հաստատումը

Պայտըն

Պայտըն

Անցեալ շաբաթավերջին քանի մը ժամով անակնկալօրէն վատթարացած էին Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա յարաբերութիւնները: Այնքան մը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը գերզայրացած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի մէկ արտայայտութենէն` ամէն գնով պահանջած էր, որ այս վերջինը ներողութիւն խնդրէ:

«Բանն ինչո՞ւմն էր»:

Արդարեւ, ուրբաթ, հոկտեմբեր 3-ին, Հարվըրտի միջազգային քաղաքականութեան «Քենետի» հիմնարկին մէջ ելոյթ ունենալով, Պայտըն քննադատած էր Թուրքիան` այպանելով զայն, թէ հետեւողական ձեւով դիւրացուցած է ծայրայեղ իսլամ զինեալներուն մուտքը Սուրիա:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու երթալով եւ ներկայացնելով պատահածը` նշենք, թէ Պայտըն յայտնած է, թէ ինք մօտիկ բարեկամ է Թուրքիոյ նախագահին, սակայն Սուրիոյ կացութեան գծով, ըստ փոխ նախագահին, թէ՛ Թուրքիա եւ թէ՛ այլ դաշնակից երկիրներ, որոնց կարգին` Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Էմիրութիւններ, կեդրոնացած են Ասատի ղեկավարութիւնը տապալելու մտասեւեռման վրայ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու, թէ միլիոններով գումարներ եւ օժանդակութիւն կը կատարուէր ծայրայեղական ուժերու:

Քոպանի

Քոպանի

Պայտըն իր այդ արտայայտութեամբ ոչ մէկ սխալ գործած էր, այլ, ընդհակառակը, մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով` նշած էր թնճուկը:

Ի վերջոյ աշխարհագրութիւնն ու իրադարձութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Սուրիոյ մէջ Իսլամական պետութիւնը զօրացած է հիւսիսային շրջանին մէջ, հոն, ուր Թուրքիոյ սահմանն է:

Ի դէպ, տեղին է նշել, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը դեռ վերջերս իր երկրին բանակը լիազօրեց Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի հարցով միջամտելու` անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ օտար ուժերուն արտօնեց անդրսահմանեան գործողութիւններուն համար Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռազմակայանները օգտագործել:

Ծիծաղելին այն է, որ Էրտողան կը յանդգնի բացատրել, թէ օտար զինեալներ Թուրքիա մուտք չեն գործած, այլ իբրեւ զբօսաշրջիկ ժամանած են, եւ ապա խոյս տուած եւ թափանցած են Սուրիա…

Նմանօրինակ մանկամիտ բացատրութիւն եւ մօտեցում կարելի չէ կուլ տալ եւ նոյնիսկ բռնի ուժով «կլլեցնել» այդպիսի հիմնարկի մը երդիքին տակ:

Սակայն տեղին է վայրկեան մը անդրադառնալ Էրտողանի բացատրութեան, թէ` «զբօսաշրջիկ» ծայրայեղականները կրցած են Թուրքիա մուտք գործել, ապա «կորսուիլ» եւ ապա ժամանել Թուրքիա: Ուրեմն, իր բացատրութեամբ, կարելի է հասկնալ եւ հաստատել, որ Էրտողանին ղեկավարած երկրին ներքին ապահովութեան վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէ…

Ճօ Պայտընի արտայայտութիւնն ու վերլուծումը տեղին էին: Ըսածին դիմաց ներողամտութիւն հայցելու գործընթացը, իր ամբողջ էութեամբ, յերիւրածոյ աւելորդաբանութիւն մըն էր, որ սակայն յստակ էր, թէ «փրոթոգոլ»-ին մաս կը կազմէր: Այսինքն, որեւէ անտեսում Պայտընի (այսինքն Սպիտակ տան) կողմէ, կրնար իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ վերջին շաբաթներուն արեւմտեան երկիրներու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կատարած ռազմական միջամտութիւններուն վրայ:

Ի վերջոյ, Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը հասկցած էր, թէ Սուրիոյ ներկայ ղեկավարութեան դէմ ընդդիմադիր ճակատ գոյութիւն չունի, այլ` ծայրայեղական կրօնամոլ ահաբեկիչներ, որոնք, Պայտընի հաստատումը կրկնելով, միլիոններով գումարներ եւ օժանդակութիւն ստացած են յատկապէս Թուրքիայէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )