Թրքական Աղբիւրը Կը Պնդէ, Թէ Հայաստանը ՔԱԿ-ին Հակօդային Հրթիռներ Տուած Է

Ulkeajans_Sa-7Թրքական Ulkeajans լրատուական կայքի հաղորդմամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն 50 «Սամ-7» հակօդային ուսամբարձ հրթիռարձակ տուած է` թրքական բանակի ռազմօդանաւերուն դէմ օգտագործելու համար: Աղբիւրը կը նշէ, որ հրթիռները տեղակայուած են Իրաքի Քանտիլի լեռնային շրջանին մէջ:

Ռուսական արտադրութեան «Սամ-7» հրթիռները կը գործածուին ռազմական ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու դէմ: Ուսամբարձ հրթիռազէնը իր թիրախին կրնայ հարուածել նուազագոյնը 800 մեթր, առաւելագոյնը 4200 մեթր հեռաւորութենէ` նպատակակէտին հասնելով 14-17 երկվայրկեանէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )