Սուրիոյ Մէջ Թրքական Բանակին Ներկայութիւնը Բացասական Հետեւանքներ Կրնայ Ունենալ Հայ Համայնքին Համար

1014askarԹուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ հաստատուած օրինագիծը, որ կը թոյլատրէ թրքական բանակին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել, բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ Սուրիոյ հայ համայնքին համար: Հոկտեմբեր 6-ին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս կարծիքը յայտնեց թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեանը: «Սուրիական հակամարտութեան ամենասկզբից Թուրքիան իր քայլերով ցոյց է տուել, որ իր թիրախում է պահում նաեւ Սուրիայի հայ համայնքը եւ փորձում է թուլացնել այն: Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է. Թուրքիային պէտք չէ հարեւան երկրում ունենալ ուժեղ հայկական համայնք, որը հակաթրքական տրամադրութիւններ ունի», ըսաւ թրքագէտը:

Իր կարգին, արաբագէտ Հայկ Քոչարեանը նշեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով հայկական համայնքը էականօրէն տկարացած է, քանի որ շատերը ուղղակի հեռացած են երկրէն: «Այն հայերը, որոնք դեռեւս շարունակում են ապրել, այսպէս կոչուած, Իսլամական խալիֆայութեան տարածքներում, ապրում են նրանց օրէնքներով, այսինքն վճարում են գլխահարկ եւ շարունակում են դաւանել քրիստոնէութիւն», ընդգծեց արաբագէտը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )