Ճասթին Մըք Քարթիին Նոր Պնդումը. Որպէսզի 1915-ին 1,5 Միլիոն Հայ Մեռած Ըլլայ, Պէտք Է Որ Ամէն Հայ Երկու Անգամ Մեռնի

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

NorMarmara_Justin-McCarthy-1«Հաքիմիյէթ» լրատու կայքէջը մանրամասնութիւններ տուած է «Թուրք-Ասիա ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոն»-ի (ԹԱՍԱՄ) կողմէ Էտիրնէի մէջ կազմակերպուած Բ. համաշխարհային թրքական Ֆորումին մասին, որուն մասնակցեր է նաեւ Հայկական հարցի մէջ Թուրքիոյ տեսակէտները ջերմօրէն պաշտպանող ամերիկացի դասախօս Ճասթին Մըք Քարթի: Ճասթին Մըք Քարթի Ամերիկայի Լուսիվիլ համալսարանի դասախօս է եւ ինչպէս անցեալին մէջ, նոյնպէս այժմ ան կը ժխտէ հայկական տեսակէտները ու նոյնութեամբ կը պաշտպանէ Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը:

Այս անգամ եւս Ճասթին Մըք Քարթի, որ համագումարի առաջին ատենախօսն է եղեր, իր բացման դասախօսութեան մէջ շատ հետաքրքրական տեսակէտ մը պարզեր է. ըսեր է, որ անկարելի է, որ 1915-ի տեղահանութեան ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայ մեռած ըլլայ, այս թիւը այդ շրջանի հայ բնակչութեան թիւէն շատ աւելի բարձր է. որպէսզի 1,5 միլիոն հայ մեռնի, պայման է, որ մէկ հայը երկու անգամ մեռած ըլլայ:

Ըստ ամերիկացի դասախօսին, այդ շրջանին մահացան 3 միլիոն մահմետականներ ու միայն հարիւր հազար հայեր: Օսմանեան շրջանին հայերու դէմ յանցագործութեան պատճառով կուսակալ մը մահապատիժի ենթարկուեցաւ, ուրիշ մըն ալ վերջին վայրկեանին փրկուեցաւ, բայց այդ շրջանին ոչ մէկ հայ կամ ռուս դատուեցաւ մահմետականներու դէմ իր յանցագործութեան պատճառով, ըսաւ Մըք Քարթի: Մըք Քարթի տակաւին պնդեց, որ Հայաստանի մէջ գիտնականները կը վախնան ճշմարտութիւններու մասին խօսելու, որովհետեւ այն պատմաբանները, որոնք կը հարցուփորձեն եղելութիւնները, կը բանտարկուին, իրենց պաշտօններէն կը վտարուին եւ այլն: Այս կերպով կաշկանդուած է նաեւ կարծիքի ազատութիւնը, ըսեր է Ճասթին Մըք Քարթի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )