«Սուրիոյ Մէջ Կան Գիւղեր, Ուր Ցեղասպանութենէն Ետք Իսլամացուած Հայերու Սերունդներ Կ՛ապրին». Ժիրայր Ռէյիսեան
Զրուցեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

(Լուսանկարը` Պաղտիկ Գույումճեանի)
Այսօր շատ կը խօսուի իսլամացած հայերու մասին, յատկապէս` Թուրքիոյ մէջ ապրող: Սակայն ծագումով հայեր կ՛ապրին նաեւ արաբական որոշ երկիրներու, յատկապէս Սուրիոյ մէջ, այս հարցի շուրջ «Հայերն այսօր» կայքէջը զրուցած է Բերիոյ հայոց թեմի մամլոյ քարտուղար, Սուրիոյ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանին հետ.
– Եթէ խնդիրը միայն կրօնական տեսանկիւնէն պէտք է դիտենք, ապա նման մարդիկ կարելի է կոչել մէկ անունով` իսլամացած հայեր: Թուրքիոյ մէջ խնդիր կայ իսլամացած հայերու, որոնք պարտադրուած իսլամացած են (սա խօսակցութեան առանձին նիւթ է) եւ արաբական աշխարհի, յատկապէս` Սուրիոյ մէջ, որուն ես քիչ մը աւելի ծանօթ եմ: Անոնց մէջ կան ե՛ւ կորսուած, ե՛ւ իսլամացած, բայց իրենց արմատները տակաւին յիշող, իրենց պատկանելիութիւնը պահող հայեր: Անշուշտ հնարաւոր է, որ շատերը չեն գիտեր անոնց մասին, յատկապէս որ իրենք ալ չեն համարձակիր բարձրաձայնել իրենց պատկանելիութեան մասին:
Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերը կարելի է բաժնել քանի մը խումբի: Խօսիմ օրինակներով: Ցեղասպանութեան օրերուն անապատի կողմէն Տէր Զօր եւ Ճեզիրէի շրջան հասած գաղթական հայերուն, տարբեր պատճառներով տէր կանգնած են արաբ շատ ցեղախումբեր:
Եղած են մարդիկ, որոնք իգական սեռի ներկայացուցիչները ամուսնացուցած են արաբ երիտասարդներու հետ եւ անոնց զաւակները հետագային հպարտութեամբ կը յիշեն, որ իրենց մեծ մայրը հայ եղած է: Ես, օրինակ, Ճեզիրէի շրջանը այցելելու ժամանակ հանդիպեցայ ցեղախումբի մը, որուն մեծ մայրը հայ էր: Երբ փոքրիկ, հողաշէն տունէն ներս մտանք, հարիւրի սահմանին մօտ գտնուող կինը նստած էր գետնին: Ան շատ քիչ բան կը յիշէր իր արմատներու մասին: Երբ ուզեցինք զինք իր թոռնիկներուն, ծոռներուն հետ նկարել, կնոջ շուրջը հարիւրէ աւելի մարդ հաւաքուեցաւ: Բնական է, որ այդքան մարդ, եթէ նոյնիսկ շշուկով փորձէ խօսիլ, աղմուկ կը բարձրանայ: Ամենահետաքրքրականը այն էր, որ երբ կինը ձեռքի գաւազանը զարկաւ գետնին, անմիջապէս քար լռութիւն տիրեց: Այդ մէկը կը վկայէր այն մասին, որ ինք տակաւին յարգանք, հեղինակութիւն եւ գուրգուրանք վայելող կին էր:
Կան նաեւ այնպիսի դէպքեր, երբ արաբ ցեղախումբերը փրկած են հայ որբեր եւ զանոնք մեծցուցած` իրենց ընտանիքի մէջ: Միաժամանակ ըսած են` մենք քեզ պահեցինք, մեծցուցինք, մեր ընտանիքի անդամ դարձուցինք եւ մեր զաւակներուն հետ նոյն իրաւունքը քեզի տուինք, սակայն գիտցիր, որ քու արմատներդ հայ են, եւ զինք ամուսնացուցած են ծագումով հայու հետ: Հետեւաբար այս մարդոց ոչ թէ մեծ մայրը հայ եղած է, այլ հա՛յրն ալ, մա՛յրն ալ ծագումով հայ են, եւ անոնց զաւակները այսօր արաբական անուններ կը կրեն, իսլամութիւն կը դաւանին, կը յիշեն, որ մայրն ալ, հայրն ալ հայարմատ են:
Երրորդ պարագան այն է, երբ ամբողջ գիւղի մը մէջ միայն ծագումով հայեր կ՛ապրին: Օրինակ` Տէր Զօրի շրջանի մէջ ապրող Բագգարա ցեղախումբը փոքրիկ գիւղեր յատկացուցած է հայարմատ կնոջը, տղամարդուն, որոնք իրարու հետ ամուսնացած են: Այդ գիւղերուն մէջ միայն ծագումով հայ մարդիկ կ՛ապրին: Այդ գիւղերէն մէկը կը կոչուի Հաթլի: Անոնք գիտեն, որ իրենք հօր եւ մօր կողմէն հայ են, եւ եթէ կրցած են յիշել, թէ իրենց հօր կամ մօր մականունը ի՛նչ եղած է, փորձած են պահել: Օրինակ` այդ գիւղի մէջ կ՛ապրի Մոհամետ Կարապետ անունով մէկը: Քիչ մը տարօրինակ կրնայ հնչել Մոհամետ Կարապետ անունը, բայց նման անուններ կրող մարդիկ շատ են Հաթլիի մէջ: Անոնք արաբ են, իսլամ եւ յաճախ կը յայտնեն, որ, այո՛, մենք Բագգարա ցեղախումբին մէկ մասնիկն ենք, բայց նաեւ` հայարմատ:
Մէկ այլ օրինակ բերեմ: Ճեզիրէի շրջանի մէջ կ՛ապրի Աշիրեթ էրմենի շաթաթ անունով ցեղախումբը: Փորձենք թարգմանել ցեղախումբին անունը. աշիրեթ կը նշանակէ` ցեղախումբ, էրմենի` հայ, շաթաթ` ցրուած: Անունը արդէն ամէն ինչ կ՛ըսէ ցեղախումբին մասին: Փաստօրէն կազմուած է հայու բեկորներէ, որոնք իսլամ են` արաբ պետեւիներու պէս, սակայն, իմանալով, որ հայարմատ են, իրենց ցեղախումբը կոչած են` Աշիրեթ էրմենի շաթաթ:
Այս է արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու պատմութիւնը, հայեր, որոնց առաջին հանգրուանը Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիան էր:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Ռէյիսեան, թէեւ անոնք այսօր արաբ են, իսլամ, բայց որեւէ բանով կ՛առանձնանա՞ն արաբներէն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛, բնականաբար: Օրինակ` Հաթլիի մէջ, երբ երիտասարդները ամուսնութեան տարիքին կը հասնին, ծնողները անոնց կը պարտադրեն ամուսնանալ իրենց «նմանի» հետ` պատկանելիութեան գիծը պահելու համար: 2001 թուականին մենք յատուկ ձեռնարկով երախտագիտական յուշանուէրներով պարգեւատրեցինք այն արաբ ցեղապետները, որոնց ցեղախումբերը մարդկային, հիւրընկալ վերաբերում ցուցաբերած էին մեր տարագիր մեծ հայրերուն, մայրերուն նկատմամբ: Նախապատրաստական աշխատանքներու օրերուն գացած էինք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիր: Երբ յուշահամալիրէն դուրս ելանք, քահանան մօտեցաւ եւ ցոյց տալով քիչ մը այն կողմ կեցած երիտասարդներ` ըսաւ, որ կ՛ուզեն խօսիլ մեզի հետ: Երբ մօտեցայ, հարցուցի, թէ ինչո՛վ կրնանք օգտակար ըլլալ: Անոնք պատասխանեցին` գիտէք, մենք ծագումով հայ ենք, որքան ժամանակ է` կը ցանկանք մտնել այս յուշահամալիր, որ մեր սրտին հետ խօսող բան մը ունի, բայց չենք համարձակիր, որովհետեւ մենք այսօր արաբ ենք, իսլամ: Երիտասարդներու խումբը Հաթլէյէն էր: Ես անոնց ըսի` ի հարկէ կրնաք, եթէ այդ արմատն ալ չունենայիք, դարձեալ կրնայիք մտնել: Երիտասարդները մտան յուշահամալիր, այցելեցին եկեղեցի, փոքրիկ աղօթք մը ըրին, իջան ցուցասրահ, ուր ցուցադրուած էին Եղեռնի մասին պատմող վկայութիւններ, դիտեցին, յուզուեցան եւ յետոյ ըսին, որ եթէ մենք ցանկանք մեր արմատներուն վերադառնալ, ի՞նչ միջոցներ կան:
Սուրիոյ եւ իսլամական երկիրներու մէջ այդ մէկը խորթ հնչող բան է, որովհետեւ իսլամական հասկացողութեամբ, երբ ոեւէ մէկը, որ իսլամ է, իր կրօնէն կը հրաժարի, մահուան արժանի է: Այդ անյարմարութիւններէն հեռու մնալու համար ես անոնց ըսի. «Մենք ուրախ ենք, որ դուք չէք մոռցած ձեր արմատները, չէք մոռցած ձեր իրական պատկանելիութիւնը, սակայն դուք ալ գիտէք, որ նման քայլեր ունին իրենց բացասական կողմերը: Պահեցէք ձեր հայութիւնը, մենք ալ կը պահենք ձեր նկատմամբ հարազատութիւնը` մնացեալը ձգելով ապագային, տեսնելով, թէ ան ի՛նչ կը բերէ»:
Նման մարդոց կողքին, սակայն, կան բոլորովին կորսուածներ, որոնք բան չեն յիշեր իրենց արմատներուն, ինքնութեան մասին:
Հ.- Պարո՛ն Ռէյիսեան, այնուամենայնիւ, մեր վերաբերումը այդ մարդոց նկատմամբ ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ: Յատկապէս որ մեր եկեղեցւոյ վերաբերումը այս առումով քիչ մը զգուշաւոր է:
Պ.- Անշուշտ, որովհետեւ նման նիւթի մը արծարծումը, տարածումը, նոյնիսկ հնչեցումն արդէն իսկ խորթ է բոլոր իսլամներուն, արաբներուն համար: Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, երբ ոեւէ իսլամ կը հրաժարի իր կրօնէն, մահուան կը դատապարտուի: Անոնք կ՛ընդունին, որ կրօնները, յատկապէս` միաստուած կրօնները, յաջորդաբար եկած են` որպէս զարգացում: Այսինքն մովսիսականութենէն ետք եկած է Քրիստոսը` կատարելով մէկ քայլ առաջ, յետոյ եկած է Մոհամետը, որուն պարագային կրօնը նոյնպէս մէկ քայլ առաջ անցած է: Հետեւաբար մարդը չի կրնար ետ երթալ: Անոնք, որոնք ետ կ՛երթան, կը նահանջեն, ապրելու արժանի չեն:
Եւ ճիշդ է, որ մենք պէտք է զգուշաւոր ըլլանք անոնց նկատմամբ, եւ մեր եկեղեցին` նոյնպէս:
Հ.- Պարո՛ն Ռէյիսեան, բայց այսօր Թուրքիոյ մէջ շատ են այն մարդիկ, որոնք կը վերադառնան իրենց արմատներուն, կը մկրտուին: Մի՞թէ մենք պէտք է անտեսենք այս փաստը:
Պ.- Թուրքիան տարբեր երկիր է, եւ պետութեան համար կրօնը եւ կառավարութիւնը իրարմէ անջատ են: Փոքրիկ օրինակ մը բերեմ: Սուրիոյ մէջ, արաբական աշխարհի մէջ, եթէ ամուսնութիւնը կրօնական իշխանութիւններու կողմէն չվաւերացուի, պետութիւնը նոյնպէս չի վաւերացներ: Բայց Թուրքիոյ մէջ այդպէս չէ: Ամուսնութիւնը կրնայ գրանցուիլ միայն դատարանի մէջ եւ օրինական համարուիլ:
Այնպէս որ, Թուրքիոյ պարագան տարբեր է:
Հ.- Բայց, այնուամենայնիւ, հետաքրքրական է լսել ձեր անձնական կարծիքը: Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ մեր վերաբերումը այն մարդոց նկատմամբ, որոնք, անտեսելով վտանգը, կը բարձրաձայնեն իրենց իրական ինքնութեան մասին:
Պ.- Ես չեմ ուզեր ընդհանուր կարծիք յայտնել, պարզապէս իմ անձնական համոզումս ըսեմ: Ողջունելի է, պէտք է հոգ տանիլ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել, բայց նաեւ` զգուշաւոր ըլլալ, որովհետեւ այս ձեւով կրնայ սպրդումներ ըլլալ: Այսինքն նման զգացումով մօտեցող ոեւէ մէկը անմիջապէս գրկաբաց ընդունիլն ալ այդքան ճիշդ չէ, որովհետեւ քաղաքական աշխարհի մէջ նման սպրդումներ, թափանցումներ միշտ եղած են եւ վնասակար կրնան ըլլալ:

