Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ
Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հայրենի լրագրող եւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան առնչուող տարբեր հարցերու` այդ անդամակցութեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան փոխլրացման վարդապետութեան վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը, Ազրպէյճանի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներէ բաղկացած միութեան մը մէջ տիրելիք մթնոլորտը, միապետական անդամներէ բաղկացած միութեան անդամակցութեան Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան վրայ հաւանական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն Հայաստանի վրայ ունենալիք ժխտական եւ դրական ազդեցութիւնները:
Պատասխանելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան փոխլրացման վարդապետութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը` Յակոբեան նշեց, որ 3 սեպտեմբեր 2013-ի որոշումը, որ անակնկալ մըն էր ոչ միայն Հայաստանի բնակչութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար, վերջ չդրաւ այդ վարդապետութեան, սակայն աւելի խորացուց Ռուսիայէն կախեալութիւնը եւ այդպիսով արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ Հայաստանի խուսանաւելու կարելիութիւնը սահմանափակեց:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

