Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Հրաւէրով. Հայաստանի Հրատարակիչներու Պատուիրակութիւնը Հասաւ Պէյրութ
Երէկ երեկոյեան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի հրաւէրով Լիբանան հասաւ Հայաստանէն հրատարակիչներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Մկրտիչ Կարապետեան` Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ եւ «Էդիտ Պրինտ» հրատարակչատան տնօրէն, Սէյրանուհի Գեղամեան` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ, Էմին Մկրտչեան` «Զանգակ» հրատարակչութեան գործադիր տնօրէն, Արամ Մեհրապեան` «Պրինտ ինֆօ-Սարգիս Խաչենց» հրատարակչատան ծրագիրի ղեկավար, Խաչիկ Վարդանեան` «Բուքինիստ» գրահրատարակչատան տնօրէն, Մատլեն Յովսէփեան` «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի փոխտնօրէն:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան կ՛այցելէ մասնակցելու այսօր` երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունենալիք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունենալիք «Հայ գիրքը եւ գրատարածումը` երէկ եւ այսօր» նիւթով կլոր սեղանին: Յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսին իրենց հրատարակութիւններով կը մասնակցին նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչական բաժանմունքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը: Ցուցահանդէսը կը վայելէ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ կրթական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կրթական պատասխանատուներու, վարժարաններու տնօրէններու եւ մտաւորականներու հետ:
Քաջալերուած անցնող տարեշրջանի յաջողութենէն` այս տարի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի հրաւէրին արձագանգեցին աւելի մեծ թիւով հրատարակչատուներ եւ գրատարածման կեդրոններ: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համազգայինի հրատարակութիւններու զեղչ-վաճառք: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին Պոլիսէն եւ Լիբանանէն այլ հրատարակչատուներ:
Հայաստանի հրատարակչական մարզի վերջին տարիներու նուաճումներուն եւ ծրագիրներուն մօտէն ծանօթանալու լաւագոյն առիթ մըն է այս ցուցահանդէսը: Մասնակից հրատարակչատուները եւ գրատարածման կեդրոնները իրենց ներկայացնելիք հրատարակութիւններուն ճամբով պիտի փորձեն ամբողջական պատկեր մը փոխանցել Հայաստանի հրատարակչական մարզին մասին: Գրական, մշակութային, պատմական, թարգմանական, ինչպէս նաեւ դասագիրքերու եւ մանկապատանեկան հայաստանեան նոր հրատարակութիւններու հարուստ հաւաքածոյ մը կը դրուի լիբանանահայ ընթերցասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, համալսարանականներուն, կրթական մշակներուն, մտաւորականներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցասէր հանրութեան համար այս ձեռնարկը պիտի դառնայ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մը:

