Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուած Է ԱՊՀ-ի Մասին Համաձայնագիրը Դադրեցնելու Օրէնքի Նախագիծ
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ խորհրդարանը արձանագրած է «Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրի գործողութիւնը դադրեցնելու մասին» օրէնքի նախագիծ:
Օրէնքի նախագիծին նախաձեռնողներն են «Սվոպոտա» կուսակցութեան երեսփոխաններ Ալեքսէյ Քայտա եւ Ալեսքանտր Միռնի:
Նախապէս Ուքրանիա պաշտօնապէս յայտարարած էր ԱՊՀ-էն դուրս գալու ցանկութեան մասին, համապատասխան օրէնքի նախագիծը դրուած է Գերագոյն ռատայի քննարկումին:
Խորհրդարանին մէջ արձանագրուած է նաեւ «Ռուսիոյ դաշնութեան նկատմամբ սեփականութեան հայելային պատժամիջոցներու մասին» օրէնքի նախագիծը:
CATEGORIES Միջազգային

