Ըստ «Թայմզ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Այս Շաբաթ Վերջ Կու Տան Աշխարհի Վրայ Քարիւղի Արտադրութեան Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Գերակայութեան

1013_US-PetrolԲրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, թէ կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներ այս շաբաթ վերածուին աշխարհի մէջ քարիւղ արտադրող մեծագոյն երկրին` վերջին քսան տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այդ դիրքը խլելով Սէուտական Արաբիայէն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ քարիւղի եւ կազի կարիքներու աճը պատճառ դարձած է, որ այդ երկրին 2011-ին արտադրած օրական 8 միլիոն տակառ քարիւղը բարձրանայ օրական շուրջ 12 միլիոն տակառի` այսպիսով վերջ տալով քարիւղի շուկային վրայ Սէուտական Արաբիոյ «գահակալութեան»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ քարիւղի արտադրութեան աճը արգելք հանդիսացած է, որ վերջին տարիներուն Լիպիոյ նման երկիրներու մէջ «Արաբական գարնան» ազդեցութեան տակ արտադրութեան անկումին պատճառով քարիւղի գինը մեծ աճ արձանագրէ:

Օրաթերթը կը նախատեսէ, որ Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան սեպտեմբեր ամսուան զեկուցումը ցոյց տայ, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ հեղուկ քարիւղի մեծագոյն արտադրողն են:

Share this Article
CATEGORIES