Ապատի Զարմանալի Կը Գտնէ, Որ Պայտըն Ներում Կը Հայցէ Այն Երկիրներէն, Որոնց Ամբաստանած Է ՏԱՀԵՇ-ի Աջակցելով

Հայտար Ապատի

Հայտար Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի զարմանք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտըն ներում կը հայցէ այն երկիրներէն, որոնց նախապէս ամբաստանած էր ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու եւ ֆինանսաւորելու յանցանքով: Ան յայտնեց. «Գրգռիչներէն շատեր կը գտնուին Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի կարգ մը երկիրներուն մէջ եւ ՏԱՀԵՇ-ի հաւատադրժողական նոյն գաղափարախօսութիւնը կը կրեն»:

Ապատի պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Պայտըն անկեղծ կերպով խօսեցաւ, եւ ես չեմ հասկնար ինչո՛ւ ներում կը հայցէ: Անոր խօսքը յստակ է. ան ըսաւ, որ ունի տեղեկութիւններ, ըստ որոնց ՏԱՀԵՇ Ծոցի երկիրներէն եւ Թուրքիայէն աջակցութիւն ստացած է»:

Իրաքի վարչապետը աւելցուց. «Այս խօսքը գաղտնիք մը չէ, որովհետեւ այդ երկիրները այդ մէկը յայտարարած են: Անոնք կ՛ուզէին այսպէս կոչուած սուրիական ընդդիմութեան աջակցիլ, սակայն պէտք է գիտնան, որ սուրիական ընդդիմութեան մէջ ամէնէն հզօր կողմերը ահաբեկիչներն են, որոնք ներկայացուած են ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի մէջ, սակայն կը կարծէին, որ այդ գործիքը պիտի օգտագործեն շրջանին մէջ իրենց մրցակիցներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES