ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալ Մը Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Մօտ Անձնասպանական Գործողութիւն Կը Կատարէ
ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալ մը երէկ պայթուցիկ նիւթերով բեռցուած բեռնակառքով մը անձնասպանական գործողութիւն կատարեց Արաբունարի մօտ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային անցքին մօտ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանն ու քրտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ յարձակումը կատարուած է Արաբունարէն երկու քիլոմեթր դէպի հիւսիս հեռաւորութեան վրայ: Բախումները կը սպառնան փակել քաղաքի դէպի թրքական սահման ճամբան եւ արգելք հանդիսանալ փախուստին քաղաքայիններու, որոնցմէ շուրջ 200 հազարը զայն օգտագործելով ապաստանած են Թուրքիոյ մէջ:
Սահմանին թրքական կողմը գտնուող լրագրող մը «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ գնդացիրներով եւ հրասանդներէ արձակուած ռումբերով բախումները տեղի կ՛ունենան սահմանի փշաթելերէն նուազ քան մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Մինչ այդ, ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի ռմբաձիգները Արաբունարի մէջ եւ շուրջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ առնուազն երկու յարձակումներ գործեցին:
Առաջինը տեղի ունեցաւ առաւօտեան 7:30-էն առաջ, իսկ երկրորդը, որ աւելի ուշ տեղի ունեցաւ, հարուածեց Արաբունարի կեդրոնը, ուրկէ հսկայ ծուխ մը բարձրացաւ դէպի երկինք:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ երէկ յայտնեցին, որ Թուրքիա համաձայնած է ամերիկեան ուժերուն արտօնել իր օդուժի ռազմակայանները օգտագործել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակումներ գործելու համար: Սակայն աւելի ուշ Անգարա հերքեց այս լուրը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Արաբունարի մէջ արձանագրուող զարգացումներէն, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է կեդրոնանալ Իրաքի վրայ եւ անոր զուգահեռ Սուրիոյ մէջ տկարացնել ՏԱՀԵՇ-ը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ կոչ ուղղեց Արաբունարի մէջ ջարդի մը կանխարգիլման քայլերու դիմելու:

