Ֆայսալ. «Ասատ Սուրիոյ Մէջ Լուծումին Մաս Չի Կրնար Կազմել»

1013_FaisalՍէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական վարչակարգը չբաւարարուեցաւ ժողովուրդը ճնշելու համար իր հողերը օտարներուն առջեւ բանալով, այլ երկիրը վերածեց ահաբեկչութեան օրրանի»:

«Մենք համաձայն ենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ դեր ունենալ, ոչ ալ լուծումին մաս կազմել, որովհետեւ օրինականութիւնը կորսնցուցած է, եւ մենք «Ժընեւ-1»-ի մէջ նշուածին նման փոխանցման կառավարութեան մը հետ ենք»:

Ֆայսալ եմենցիներուն կոչ ուղղեց զէնքին փոխարէն բանականութեան դիմելու եւ իրենց երկրին շահերը հատուածական շահերէն գերիվեր նկատելու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ օտար կողմերու շահերուն չծառայելու:

Share this Article
CATEGORIES