Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի նախարարէ մը, հաղորդեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի յետաձգուին մինչեւ 2017:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին զօրակցութեան ազգային միացեալ որոշում մը տալ, որպէսզի ան շարունակէ Արսալի բարձունքներուն ազատագրումը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ իր այցելուներուն յայտնած է, թէ բանակայինները առեւանգող զինեալներուն կողմէ զինուորականներուն վնաս չհասցնելու առումով Լիբանան ոչ մէկ երաշխիք ստացած է: Անոնք շեշտեցին, որ ըստ Սալամի, բանակայիններուն թղթածրարը զգայուն է եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զանոնք ողջ-առողջ պահելու համար:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումները աւելի քան վտանգաւոր են` աւելցնելով, որ այդ մասին լուռ պէտք չէ մնալ:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ահաբեկչական բոլոր արարքները ձախողեցնելու առումով Լիբանանի մէջ սկսած աշխատանքը կը շարունակուի: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող ահաբեկիչներուն թիւը սահմանափակ է եւ անոնք շրջափակուած են, իսկ լիբանանցին ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է դիւրացնելու այս ահաբեկիչներուն «գործը»:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ իշխանութեան փոխվարչապետ, Կազայի վերաշինութեան յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Մուսթաֆա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայանները պէտք է ամբողջովին լիբանանեան գերիշխանութեան ենթարկուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց անմիջապէս ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին պիտի չկատարուին:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումները ծրագրաւորուած ահաբեկչական գործողութիւններ են, որոնք շատ վտանգաւոր են:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ բանակայիններուն յաւելումները պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարէն անջատելու սկզբունքը:
ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն միջեւ Հըզպալլայի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Ուաշինկթընի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող միջազգային ուխտին մաս կազմող երկիրներու բանակներու հրամանատարներուն վեհաժողովին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակի անցարգելները ձեռնառումբերու թիրախ դարձնող կողմերը Հըզպալլայի մօտիկ անձնաւորութիւններ են: Ան շեշտեց, որ Պապ Թըպպանէի բնակիչները ոչ մէկ կապ ունին Թրիփոլիի մէջ բանակին դէմ գործուած յարձակումներուն հետ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Իրանի եւ Հըզպալլայի նկատմամբ եւրոպական դրական մօտեցում գոյութիւն ունի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը մերժողը Լիբանանին չի ծառայեր:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարգ մը երեսփոխաններ կը նախատեսեն, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եօթը ամիսով պիտի երկարաձգուի 21 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանի նիստին ընթացքին:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ իրենք մեծ վստահութիւն ունին բանակին վրայ` աւելցնելով, որ պէտք է հետեւիլ պետականութեան ծրագիրին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա իրենց պատերազմը Լիբանան փոխադրեցին` Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք համաձայն են օրէնքի գործադրութեան եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ոեւէ յանցագործի ձերբակալումին:

