Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաղը Պիտի Գումարեն Իրենց Նիստը
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի գումարեցին նիստ մը` քննարկելու համար աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:
Նիստէն ետք փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորը այն է, որ բանակայինները ստանան իրենց իրաւունքները:
Խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մուքպել յայտնեց, որ բանակայիններուն յաւելումները պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու յաւելումներէն անջատելուն նպատակը բոլորին իրաւունքները ապահովելու նպատակը կը հետապնդէ:
Մուքպել յայտնեց, որ զինուորականներուն յատուկ աշխատավարձի յաւելումներուն բարեփոխուած օրինագիծը պիտի պատրաստուի 10 օրուան ընթացքին:
Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով նիստը յետաձգուեցաւ վաղուան` աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու նպատակով:
Քանաան մաղթեց, որ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ` այդ օրինագիծը վաւերացնելու համար:
«Մենք ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն իրաւունքները կը յարգենք», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ իրենք պաշտօնապէս կը սպասեն բանակայիններուն վերաբերող Մուքպելի ներկայացնելիք բարեփոխուած օրինագիծին:

