Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Պասիլը

Պասիլ եւ միւֆթի Տըրիան
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա մարդկութեան հանդիպումի վայրն է, յատկապէս անոնց, որոնք միաստուածեան կրօնի կը հաւատան:
«Մենք ընտրեցինք, որ Տար Ֆաթուա ըլլայ ոչ միայն իսլամներուն հեղինակութիւնը, այլեւ` ազգային հեղինակութիւն մը բոլոր լիբանանցիներուն համար», ըսաւ Պասիլ:
Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին սպառնացող վտանգները:
Ան ըսաւ, որ լիբանանցիներուն ուժը անոնց միասնականութեան մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները կը փափաքին առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

