Թրիփոլիի Ապտալլա Պըն Սէուտ Մզկիթը Դատարկուեցաւ Բանակին Որդեգրած Ապահովական Խիստ Միջոցառումներու Ներքեւ

Լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ Շատի Մաուլաուիի, Ուսամա Մանսուրի եւ այլ յանցագործներու ապաստանը դարձած Պապ Թըպպանէի Ապտալլա պըն Սէուտ մզկիթը երէկ դատարկուեցաւ բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ներքեւ:

Նշենք, որ ապահովական այս միջոցառումները որդեգրուեցան եւ Մաուլաուի ու Մանսուր «անհետացան» Պապ Թըպպանէի կրօնաւորներուն եւ հեղինակութիւններուն միջամտութիւններուն շնորհիւ:

Share this Article
CATEGORIES