Փլամպլի Այցելեց Վարչապետին Եւ Փոխվարչապետին

Փլամպլի եւ Սալամ

Փլամպլի եւ Սալամ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի մտահոգութիւն յայտնեց Մազարեհ Շեպաայի պատահարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին խախտումին գծով` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Փլամպլի ըսաւ, որ խորհրդարանը անգամ մը եւս ձախողած է կատարելու նախագահական ընտրութիւնը, իսկ միջազգային ընտանիքը դարձեալ կը հրաւիրէ երկրին քաղաքական ղեկավարները անյապաղ կատարելու նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

Ան վերահաստատեց ՄԱԿ-ի կողմէ լիբանանեան բանակին զօրակցելու յանձնառութիւնը` խստիւ դատապարտելով անոր դէմ գործուած յարձակումները:

Փլամպլի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES