Զօր. Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Բոլորին Միասնականութեամբ Պայքարելու Լիբանան Մուտք Գործած Ուժերուն Դէմ»
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Տըպպայէի խորհրդաժողովներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ 13 հոկտեմբեր 1990-ի դէպքերու յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նշեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ կայ մեծամասնութիւն մը, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է եւ այդ մասին «աւետումներ» կը կատարէ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով անհրաժեշտ է մեծամասնական դրութենէն անցնիլ համամասնական դրութեան, որովհետեւ այդպէս կարելի է խորհրդարանին մէջ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովել:
«Այս մթնոլորտին մէջ, Լիբանան կը տառապի շատ լուրջ վտանգներէ, որոնք են` սուրիացի գաղթականներուն մեծաթիւ գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Լիբանանի գրաւումը, իսկ վատագոյնը այն է, որ լիբանանեան կարգ մը կողմեր կը նշեն, թէ այդ խմբաւորումներուն դէմ պայքարը Լիբանանին սադրանք կը սպառնայ», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին միասնականութեամբ պայքարելու Լիբանան մուտք գործած ուժերուն դէմ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը շեշտեց, որ այս առիթով իրենք կ՛ոգեկոչեն 13 հոկտեմբերի նահատակներուն յիշատակը` նշելով, որ այդ օրուան ճակատամարտը լիբանանեան բանակին մղած բազմաթիւ ճակատամարտներէն մէկն էր, սակայն անիկա խորհրդանշական էր, որովհետեւ գերիշխանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան ճակատամարտն էր:
Զօր. Աուն նշեց, որ 14 մարտ 2005-ին եւս իրենց դիմադրութիւնը յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն ցաւ ի սիրտ այդ շրջանին երկրին իշխանութիւնը ստանձնեցին այնպիսի ղեկավարներ, որոնք Լիբանանը մէկ հոգատարութենէն դուրս բերին` զայն զետեղելով այլ հոգատարութեան մը ներքեւ:
Ան շեշտեց, որ անկախութեան պահպանումը անոր կերտումէն աւելի դժուար է` աւելցնելով, որ այս մասին ոչ ոք կը գիտակցի եւ այդ պատճառով ալ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահները կը շարունակեն արտաքին ուժերէ ստանալ իրենց հրահանգները` դառնալով արարողակարգային նախագահներ եւ ոչ թէ պետութեան միասնականութիւնն ու սահմանադրութիւնը պահպանող ղեկավարներ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք բազմիցս զգուշացուցած է կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականներուն հարցով, «սակայն ոմանց մօտ տգիտութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ մեզի ցեղապաշտութեամբ ամբաստանեն: Իսկ տարակարծութիւնը տակաւին կը շարունակուի` գաղթականներուն գծով որդեգրուելիք բնական միջոցառումներուն առնչութեամբ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ համբերութեամբ եւ գոյատեւման պայքարով կարելի է շրջանցել ներկայ հանգրուանը:

