Պըրրի. «Գետնի Վրայ Ահաբեկչութեան Դէմ Միջազգային Դաշինքը Լուրջ Չէ, Իսկ Պատահածը Մասնատուածը Մասնատելու Փորձ Է»

Պըրրի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը գտնուի Ժընեւ` մասնակցելու համար Խորհրդարաններու միջազգային համադաշնակցութեան 131-րդ խորհրդաժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի հաստատեց, որ ներկայիս պատահածը մասնատուածը մասնատելու փորձ է` աւելցնելով, որ ահա Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ Սայքս Փիքոն կ՛աւարտի, «իսկ ներկայիս մարդիկ կը կեդրոնանան անոր վերջ մը դնելու նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Պաղեստինի միջեւ», ըսաւ ան:
Պըրրի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կազմուած միջազգային դաշինքը գետնի վրայ լուրջ չէ` աւելցնելով, որ անկէ օգտուողը թշնամի Իսրայէլն է:
Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ այս իրականութեան ետին կան այլ նպատակներ, յատկապէս տնտեսական եւ քարիւղի վերաբերող շահեր:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը զգայուն է, «սակայն եթէ լիբանանցիները ամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնը, ապա կարելի կ՛ըլլայ լուծել այդ հարցը, ինչպէս որ օրին մեր միասնականութեամբ տապալեցինք Իսրայէլը», աւելցուց ան:
Պըրրի շեշտեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` նկատել տալով, որ լիբանանցիները կը վստահին բանակին` ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ մղուելիք պայքարին առումով:
Իր կարգին, Լարիժանի շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է տրամադրելու ամէն ինչ, որ կ՛օժանդակէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան հաստատումին, որովհետեւ Իրան կը հաւատայ շրջանային իմաստով Լիբանանի ունենալիք դերակատարութեան:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչութեան դէմ յայտարարուած պատերազմին` Լարիժանի դիտել տուաւ, որ այդ պատերազմը յայտարարող միջազգային դաշինքը, որուն կը գլխաւորեն Միացեալ Նահանգները, ցարդ ոչ մէկ հրաշք գործած է, «կարելի է նաեւ ըսել, որ անիկա ոչինչ իրագործած է օդային իր ռմբակոծումներով», ըսաւ ան:
Լարիժանի շրջանի ներկայ կացութիւնը շատ զգայուն նկատեց:
Նշենք, որ Պըրրի Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի, Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապպուրիի եւ խորհրդաժողովին մասնակցող պաղեստինեան պատուիրակութեան նախագահ Թայսիր Քուպպաայի հետ:

