Հռոմի Մէջ . Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սաատ Հարիրին

Հարիրի եւ Ռայի պատրիարքը

Հարիրի եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մարոնի առաջնորդներ Ֆրանսուա Իտ եւ Թոնի Ժըպրան եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ Նատեր Հարիրի, Ղաթթաս Խուրի եւ Տաուտ Սայեղ:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը բաւարարուեցաւ ըսելով, որ ինք եւ Հարիրի նոյն լեզուով կը խօսին` աւելցնելով, որ քննարկումները պիտի շարունակեն ընթրիքի ընթացքին:

Իր կարգին, Հարիրի շեշտեց, որ իրենք տակաւին կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել նախագահական ընտրութենէն առաջ: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի, ապա իրենց համար առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարելը:

Հարիրի յայտնեց, որ թէեւ իրենք չեն փափաքիր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, սակայն անիկա կարեւոր կը գտնեն` դէպի անորոշութիւն չթեւակոխելու համար: «Մենք կը փափաքէինք նախագահական ընտրութիւնը», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նախաձեռնութիւններ ունենան` աւելցնելով, որ այս դիտանկիւնէն մեկնելով անոնք եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պէտք է համախոհութիւն գոյացնեն:

Հարիրի ըսաւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, սակայն հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առնուած է նախագահական ընտրութիւնը:

«Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումէն ետք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի փնտռեն նախագահական այնպիսի թեկնածուներ, որոնց շուրջ քաղաքական ուժերը կարենան համախոհութիւն գոյացնել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով հակառակորդ քաղաքական ուժերը նաեւ չեն փափաքիր նախագահական աթոռը թափուր ձգել, որովհետեւ անոնք եւս նախանձախնդիր են հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, «հետեւաբար յարմար անուններ պէտք է փնտռել», եզրափակեց ան:

Share this Article
CATEGORIES