ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ վարչական թէ ապահովական պաշտօններու պարագային տիւրզի համայնքէն ներկայացուցիչներ նշանակելու պարագային Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց չունին` նկատի ունենալով, որ այդ նշանակումները կը կատարուին ըստ այդ ներկայացուցիչներուն ատակութեան եւ կարողութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ պաղեստինեան հողերուն ազատագրման հարցով արաբները պէտք է իրենց կեցուածքներուն վրայ հաստատակամ ըլլան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ժամալ Ժարրահ «Նաշրա» կայքէջին հաստատեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը ձախողած է` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր դաշնակիցին` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ ոխակալութեամբ կը վարուի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ իր մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները անիմաստ են` աւելցնելով, որ ինք իր դռները բաց կը պահէ բոլորին դիմաց:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան Քոնկրեսը այս շաբթուան ընթացքին պիտի քուէարկէ Լիբանանը ամերիկեան որեւէ ձեւի ֆինանսաւորումէ զրկող օրինագիծի մը դէմ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը նախագահական պալատին մէջ իր գումարելիք այսօրուան նիստին ընթացքին նշանակումներ պիտի չկատարէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին հրապարակած «Ուիքիլիքս» կայքէջի քաղուածքներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատած է, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը շարունակէ իր հետաքննութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ճշմարտութիւնը բացայայտել, ինչ ալ ըլլայ այդ ճշմարտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն առաջարկին, որ ամբողջ Լիբանանը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի վերաբերող միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան առումով յանձնառու կը փորձէ ձեւանալ:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր բանակցութիւններուն ընթացքին յայտնած է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի միայն ինքն իր շահերուն մասին կը մտածէ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը իր գրաւը կը դնէ շրջանային առումով պատահելիք մօտալուտ զարգացումներուն վրայ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ձախողեցնել կառավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ Ժընեւի ճամբով մեկնեցաւ Նիւ Եորք` ներկայ գտնուելու համար Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին Քի Մուն պիտի ներկայացնէ թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ տարածքին գործող դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ հանդիպելէ ետք ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատնային մարզը ոչ մէկ վտանգի առջեւ կը գտնուի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES