ՍԱՖԱՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՊԱԱԼՊԵՔԻՆ

Սաֆատի եւ Պաալպեքի

Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սենտիքային վերաբերող ելեւմտական հարցերը` նկատի ունենալով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր թերթերը, ըլլան անոնք քաղաքական կամ ոչ քաղաքական:

Հանդիպումէն ետք Պաալպեքի յայտնեց, որ իրենք քննարկած են սենտիքային նիւթական պատասխանատուութիւնները` աւելցնելով, որ Սաֆատիի մօտ շօշափած է սենտիքային նկատմամբ օժանդակութեան ձեռք երկարելու տրամադրութիւն` արժեւորելով այս հանգրուանին լիբանանեան լրագրութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:

Սաֆատիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ ելեւմուտքի նախարարին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի  տնտեսական ու քաղաքական հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES