Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այս Շաբաթ Պիտի Այցելեն Շրջան
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ճէյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Անտրիօ 14-18 հոկտեմբերին պիտի այցելեն շրջան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ 17 հոկտեմբերին համանախագահները պիտի այցելեն Երեւան, հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Ամենայն հաւանականութեամբ այցելութեան նպատակն է նախապատրաստութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ:
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Փարիզի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որուն նախաձեռնողն է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:
Մայիսին Երեւան եւ Պաքու կատարած այցելութիւններուն ընթացքին Հոլլանտ երկու երկիրներու նախագահները հրաւիրած էր Փարիզ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առնչուող հարցերը:
Երկու երկիրներու նախագահները նախապէս հանդիպած էին Սոչիի մէջ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով, իսկ յետոյ Նիւ Եորքի մէջ անոնց հանդիպումը տեղի ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

