Աբրահամեան. «Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութեան Մէջ Է Մեր Յաջողութեան Միակ Գրաւականը»

1013_Hovig-Aprahamian_Arm.Community«Հայրենիք – սփիւռք գործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն ռազմավարական ուղղութիւններէն է», յայտարարած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ուաշինկթընի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին:

«Այսօր մենք սփիւռքահայուն գործընկերութիւն կ՛առաջարկենք, պատրաստ ենք կարելիութիւններ ընձեռելու ներդրումներ կատարելու համար, կը ստեղծենք կառուցակարգեր, որպէսզի սփիւռքահայերը հայրենիքի մէջ կարենան շահութաբեր գործունէութիւն ծաւալել: Հայաստանի կառավարութիւնը ատոր երաշխիքը կու տայ»,  ըսած է վարչապետը` շարունակելով. «Հայաստան անբաժանելի է սփիւռքէն, եւ սփիւռքահայութեան խնդիրները մեր օրակարգային հարցերն են: Հայաստանի կառավարութիւնը այսօր իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ կ՛ընէ կարելին Միջին Արեւելքի` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ծանրագոյն վիճակի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն հոգերը թեթեւցնելու համար»:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Աբրահամեան նշած է. «Մենք պիտի շարունակենք մեր համախմբուած գործունէութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ: Մեր դիրքորոշումը յստակ է. հայ ազգի նկատմամբ կատարուած ոճրագործութիւնը ոչ միայն հայութեան, այլեւ համամարդկային խնդիր է, եւ Հայոց ցեղասպանութեան լիարժէք ճանաչումն ու դատապարտումը մենք կը նկատենք իբրեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման լաւագոյն միջոց: Հայաստանի իշխանութիւնները ջանք պիտի չխնայեն եւ կարելի բոլոր միջոցները պիտի  օգտագործեն պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար»:

Վարչապետը յայտնած է նաեւ, որ պէտք է յարգել նախնիներուն յիշատակը, ոչ միայն մեր պայքարը իր նպատակին հասցնելով, այլեւ մեր հայրենիքը զօրացնելով, իւրաքանչիւր հայու տաղանդն ու կարելիութիւնները հայրենիքին ի սպաս դնելով: «Հզօր Հայաստանով մենք աւելի կը մօտեցնենք արդարութեան յաղթանակի պահը»,  ըսած է վարչապետը:

Աբրահամեան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը մնայ  անլոյծ, Ազրպէյճան կը վարէ ռազմատենչ քաղաքականութիւն`  սանձազերծելով քարիւղի տոլարներով սնուցուող սպառազինութեան մրցավազք: Ըստ անոր, Թուրքիա իր կարգին, խիստ կողմնակալ կեցուածք կը դրսեւորէ եւ կը  շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը:

«Այս բոլոր գործօնները մեզի կը ստիպեն  արտաքին քաղաքականութեան մէջ ըլլալ ճկուն եւ շրջահայեաց: Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման, սակայն նաեւ պատրաստ է պարտադրուած պատերազմին ըստ արժանւոյն հակահարուած տալու, կանխելու թշնամիի նոյնիսկ չնչին ոտնձգութիւնը` պաշտպանելով հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի սահմանները»,  յայտարարած է վարչապետը` աւելցնելով. «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք` այս եռամիասնութեան մէջ է մեր յաջողութեան միակ գրաւականը: Հայոց նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ, որ միայն  միասնական ջանքերու շնորհիւ մենք ի զօրու ենք յաղթահարելու համայն հայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները»:

Եզրափակելով իր խօսքը` վարչապետ Աբրահամեան շեշտած է. «Եթէ  չէք կրնար ապրիլ Հայաստանի մէջ, կրնաք ապրիլ Հայաստանով, ապրիլ անոր յաջողութիւններով, հպարտանալ նուաճումներով»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES