Նախագահ Սարգսեան Գասպար Կարապետեանին Յանձնեց Մխիթար Գոշի Մետալը

1013_Serj_KasparՀայաստանի Հանրապետութեան նախագար Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը:

Հանրապետութեան նախագահը Գասպար Կարապետեանին, ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան համար, յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւ` Մխիթար Գոշի մետալ, որով ան պարգեւատրուած էր Անկախութեան տօնին առիթով:

Նախագահը շնորհաւորեց եւ հետագայ յաջողութիւն մաղթեց Գասպար Կարապետեանին:

ԱՊՀ-ի Գաղթի Մարմիններու Ղեկավարներուն Հետ
Հանդիպում

8647_bՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ-ի պետութիւններու գաղթի մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդի 16-րդ նիստին մասնակիցները` Ռուսիոյ  գաղթականութեան հարցերու ծառայութեան ղեկավար Կոնստանթին Ռոմոտանովսքիի գլխաւորութեամբ:

Կարեւոր նկատելով գաղթականութեան հարցերու մարզին մէջ համագործակցութիւնը` Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ երեւանեան նիստին ընթացքին  տրուելիք որոշումները դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ գաղթի հոլովոյթներու կանոնակարգման տեսանկիւնէն:

Ռոմոտանովսքի իր կարգին ներկայացուց խորհուրդի գործունէութիւնը եւ հերթական նիստի օրակարգային հարցերը` ընդգծելով, որ խորհուրդին աշխատանքը ուղղուած է գաղթի  քաղաքականութեան մարզին մէջ  գործակցութեան համակարգման, մարդոց ժամանման, երկրին մէջ աշխատանքի եւ կեցութեան արժանապատիւ պայմաններու ապահովման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES